«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Դանիայի մէջ գործող Danske Bank-ի նախագահ Թոմաս Պորկէն հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»–ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Պորկէնի հրաժարական ներկայացնելու պատճառը եղած է Danske Bank-ի Էսթոնիայի մէջ գործող մասնաճիւղին շուրջ գայթակղութիւնը:
«Ակնյայտ է, որ Էսթոնիայի մէջ փողերու լուացման դէպքի հարցին մէջ Danske Bank-ը հաւատարիմ չէ մնացած իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն»,- նշած է ան:
Մամուլի մէջ տարածուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ տանիական մեծագոյն դրամատան էսթոնական մասնաճիւղին միջոցով յետխորհրդային շարք մը պետութիւններու պետական պաշտօնեաներ 2007-2015 ժամանակահատուածին մօտ 150 միլիառ տոլարի փողերու լուացում իրականացուցած են: Այդ երկիրներուն մէջ է նաեւ Ազրպէյճանը: