Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Փութին Միջերկրական Ծովուն Վրայ Իլ-20-ի Կործանուիլը Կը Համարէ Ողբերգական Հանգամանքներու Շղթայ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը ցաւակցած է Իլ-20 կործանման հետեւանքով զոհուածներու ընտանիքներուն: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ «ՏԱՍՍ»-ը:

«Երբ մարդիկ կը մահանան, յատկապէս նման ողբերգական հանգամանքներու մէջ, այդ մէկը մեզի համար միշտ ալ դժբախտութիւն է՝ մեր երկրին եւ մեր զոհուածներուն հարազատներուն համար: Այս կապակցությամբ, ի հարկէ, ես ցաւակցութիւն կը յայտնեմ առաջին հերթին մահացածներու հարազատներուն»,- ըսած է Փութինը:

Ան ընդգծած է, որ Միջերկրական ծովուն վրայ տեղի ունեցած միջադէպին իսրայէլական ինքնաթիռը չէ խոցած ռուսական  ինքնաթիռը: «Բայց, ի հարկէ, պէտք է լուրջ վերաբերինք, եւ մեր վերաբերմունքը այդ ողբերգութեան կը դրսեւորուի ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ», – ըսած է ՌԴ նախագահը:

ՌԴ ղեկավարը նշած է, որ Ռուսիոյ պատասխանը ողբերգութեան կապակցութեամբ կ’ուղղուի Սուրիոյ մէջ ռուս զինծառայողներուն համար լրացուցիչ անվտանգութեան, եւ այդ միջոցները բոլորին համար տեսանելի կ’ըլլան:

Փութինը խոստացած է, որ անոնք կ’ըլլան այնպիսի քայլեր, զորս բոլորը կը նկատեն:

ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իկոր Քոնաշենքովը յայտարարած է, որ Իլ-20 ինքնաթիռը հարուածի տակ դրած են իսրայէլական կործանիչները: Միջադէպի հետեւանքով զոհուած է 15 ռուս զինուորական: ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ յայտարարած են, որ Իսրայէլի գործողութիւնները կը գնահատեն որպէս թշնամական եւ համարժէք պատասխանի իրաւունք կը վերապահեն իրենց:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին