«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պաքուի դատարանը Սեպտեմբեր 18-ին ազատազրկումի դատապարտած է ընդդիմադիր աքթիվիստ Օրհան Պաղըշլըն:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը:
Աքթիվիստին առաջադրուած է մեծ չափի թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան շինծու մեղադրանք եւ ան դատապարտուած է 7 տարուան ազատազրկումի:
Ոստիկանութիւնը ընդդիմադիր աքթիվիստը ձերբակալած էր 2018-ի Մայիս 6-ին եւ, ըստ ոստիկանութեան հաղորդագրութեան, իրեն մօտ 6 կ հերոյին տեսակի թմրանիւթ յայտնաբերուած էր:
Օրհան Պաղըշլըն Մայիս 3-ին լրագրող Էլմար Հուսէյնովի գերեզմանին մօտ անոր սպանութեան մէջ մեղադրած էր Ազրպէյճանի բարձրագոյն իշխանութիւնները եւ տարածուած տեսակէտներուն համաձայն՝ ան ձերբակալուած է անոր համար:
Ազրպէյճանի մէջ գործող իրաւապաշտպանները եւ շարք մը իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ Օրհան Պաղըշլըն ճանչցած են որպէս քաղաքական բանտարկեալ:
Ազրպէյճանի մէջ իշխանութիւնները քննադատող եւ իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան հակասող կարծիք ունեցող անձանց անօրինական ձերբակալութիւնները շարունակական բնոյթ կը կրեն:
Ալիեւեան ընտանիքը հետեւողականօրէն կը շարունակէ լռեցնել իրեն քննադատող, իր դէմ հանդէս եկող ոեւէ գործիչ: Այս ամէնը հասարակութեան մօտ աւելի կը խորացնէ յուսալքութիւնը եւ վախի մթնոլորտը եւ, ընդդիմադիր գործիչներու կարծիքով, կրնայ յանգեցնել ժողովրդական լուրջ ընդվզումի: