Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, ներկայութեամբ ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ ազգայիններու, երէկ՝ Երկուշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2018-ին, Խաչվերացի Մեռելոցին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան Ս․ Մատրան մէջ կատարուեցաւ հաւաքական հոգեհանգիստ Լիբանանի թեմին մէջ ծառայած վախճանեալ հոգեւորականներուն եւ հանգուցեալ ժողովականներուն յիշատակին:
Հոգեհանգիստէն առաջ կատարուեցաւ Անդաստան, որուն ընթացքին թափօրը շրջեցաւ գերեզմանատան հիւսիսային, հարաւային, արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը եւ իւրաքանչիւր կողմին մէջ կանգ առնելով կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն։