Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

ՆԱԹՕ-ն Պատասխան Հարուած Կը Հասցնէ Ռուսիոյ «համացանցային գրոհներու» Պարագային. Սթոլթենպերկ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՆԱԹՕ-ն կրնայ իր կանոնադրութեան հինգերորդ յօդուածը կիրարկել Ռուսիոյ կողմէ «համացանցային գրոհներու» պարագային: Այդ մասին, ինչպէս հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, յայտարարած է  դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը «Axios» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը:

Աւելի կանուխ, դաշինքի անդամները Պրիւքսելի գագաթաժողովին համաձայնութեան եկած էին, որ ՆԱԹՕ-ն կրնայ «հայպրիտային պատերազմի», ինչպէս նաեւ զինուած յարձակումի պարագային ի գործ դնել հաւաքական պաշտպանութեան վերաբերեալ հինգերորդ յօդուածը:

«Ոչ ինքնաբերաբար: Այդ մէկը կախուած կ’ըլլայ համացանցային գրոհի բնոյթէն»,- յայտարարած է գլխաւոր քարտուղարը՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ կրնա՞յ արդեօք կիրարկուիլ 5-րդ յօդուածը ՆԱԹՕ-ի դէմ ռուսական համացանցային գրոհի պարագային: «Բայց կարեւորը այն է, որ մենք յստակ յայտարարած ենք, որ մտադիր ենք, եթէ ի հարկէ անհրաժեշտ նկատուի, կիրարկել 5-րդ յօդուածը, եւ որ մենք նաեւ կ’ամրապնդենք մեր համացանցային պաշտպանութիւնը»,- աւելցուցած է ան:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին