Խառն մենամարտերի Հայաստանի «Արմֆայթինկ» դաշնութեան մարզիկ Կարինէ Կարապետեան (կեղծանունը՝ Կատոկ, որ ռուսերէն կը նշանակէ գլանիւ մեքենայ), Թիֆլիսի միջազգային մրցաշարին ծիրէն ներս յաղթած է ատրպէյճանցի Ռենա Սաֆարովային։
Վերջինս 2004-ին, Պուտափեշտի մէջ, քնացած ժամանակ, հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովի քոյրն է։
Կարինէ Կարապետեան դիմատետրի իր էջին վրայ հրապարակած է յաղթական լուսանկարը եւ գրած՝ «Յաղթանակս կը նուիրեմ հայ սպայ Գուրգէն Արտուշի Մարգարեանի յիշատակին»։