«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը Ֆրանքոֆոնիոյ միջազգային կազմակերպութեան հետ Սեպտեմբեր 14-ին ԵԽ կեդրոնակայանէն ներս կազմակերպած է Երեւանի մէջ Հոկտեմբերին կայանալիք ՖՄԿ գագաթաժողովին եւ ԵԽ-ՖՄԿ համագործակցութեան նուիրուած միջոցառում։ Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն՝ աւելցնելով. «Ֆրանքոֆոնիոյ միջազգային կազմակերպութիւնը կը ներկայացնէր Եւրոպայի խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան մէջ ՖՄԿ դեսպան Սթեֆան Լոփէզը (նստավայրը՝ Պրիւքսել):
Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Պարոյր Յովհաննիսեանը ներկայացուց ՖՄԿ-ի մէջ հայկական նախագահութեան գերակայութիւնները, յառաջիկայ գագաթաժողովի օրակարգը, անոր ծիրէն ներս նախատեսուած միջոցառումները։
Ֆրանքոֆոնիոյ դեսպանը ներկայացուց Եւրոպայի խորհուրդի հետ համագործակցութեան վերաբերեալ ՖՄԿ մօտեցումները։ Անդրադարձ կատարեց կազմակերպութեան օրակարգին վրայ հիմնական բաղադրիչ հանդիսացող մշակութային երկխօսութեան՝ նշելով, որ հիմնական ջանքերը ուղղուած են մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ճգնաժամերու կանխարգիլման, ինչը լիովին կը տեղաւորուի Եւրոպայի խորհուրդի ժողովրդավարական անվտանգութեան հայեցակարգի տրամաբանութեան մէջ։
Քննարկուեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համակարգերը Ֆրանքոֆոնիոյ անդամ բոլոր պետութիւններուն համար կիրարկելու եւ վերջիններուս՝ ԵԽ շարք մը համաձայնագիրերուն միանալու հնարաւորութիւնը։
Միջոցառումին ներկայ էին Եւրոպայի խորհուրդի անդամ եւ դիտորդ պետութիւններու դեսպաններ, դիւանագէտներ, ԵԽ եւ ՖՄԿ քարտուղարութիւններու ներկայացուցիչներ»: