Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

ԱՐՑԱԽԸ ՆԱԽՈՐԴ ՇԱԲԱԹ

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

 

ԱրցախԳալիֆորնիա Կապերը Կը Տեղափոխուին Դէպի Գործնական Հարթութիւն

Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանն ու Գալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթոնի Փորթանթինօն վերջին երկու տարուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով Արցախ են: Ստեփանակերտի քաղաքապետին հետ հանդիպումին Զարեհ Սինանեանը կ’ըսէ, որ դեռ չէ մոռցած Ստեփանակերտ կատարած առաջին այցը 1993 թուականին:  «Լրիւ ուրիշ տեղ էր: Ամէն տեղ կը զգայիր պատերազմի ներկայութիւնը,- 25 տարիներու հեռաւորութենէն կը յիշէ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը:- Ամէնօրեայ ռմբակոծութիւններ, օդային հարուածներ, փողոցներէն հրասայլեր կ’անցնէին, Պապիկ-Տատիկին մօտ ուղղաթիռները կ’իջնէին՝ վիրաւորները տեղափոխելու»:

Տարիներ անց, Ստեփանակերտը բոլորովին այլ տեսք ունի եւ բազմաթիւ բարեկամ-քաղաքներ, որոնց շարքին նաեւ Կլենտէյլն է: Կլենտէյլի քաղաքապետը պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու Ստեփանակերտի զարգացման ծրագիրներուն: Աղբահան մեքենաները, զորս կը նուիրէ Ստեփանակերտին, քաղաքային տնտեսութեան օգտակար կ’ըլլան, համոզուած է Զարեհ Սինանեանը: Վստահ է՝ Կլենտէյլի մէջ ալ դէմ չեն ըլլար այդ նախաձեռնութեան. բնակչութեան մօտ կէսը հայեր են:  «Բոլորին համար Արցախը յատուկ տեղ ունի, բոլորին համար ան հարազատ է: Բոլորը կը հասկնան Արցախի կարեւորութիւնը մեր հայրենիքի անվտանգութեան համար,- չի թաքցներ Զարեհ Սինանեանը:- Հարիւրամեակներու ընթացքին կորուստներ կրելէ, տարածքներ կորսնցնելէ ետք, վերջապէս յաջողեցանք մեր հայրենիքին մէկ հատուածը ազատագրել: Պէտք է ազգովի գնահատենք եւ պահպանենք այդ ձեռքբերումը»:

Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանն ու Գալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթոնի Փորթանթինօն վստահ են, որ այսուհետեւ Ստեփանակերտն ու Կլենտէյլը աւելի սերտ համագործակցութիւն կը ծաւալեն: Ծերակուտական Փորթանթինօն կը խոստանայ աւելին. պիտի աշխատի նոր որակ հաղորդել Գալիֆորնիա-Հայաստան-Արցախ կապերուն: «Գալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտին մէջ մենք ստեղծած ենք Արցախի եւ Հայաստանի  հետ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կապերու զարգացման յանձնաժողով: Ես այդ յանձնաժողովին նախագահն եմ  եւ շատ հետաքրքրուած եմ Արցախով: Կը գտնուիմ այստեղ, որպէսզի քննարկենք գործնական ծրագիրներ Արցախի եւ Գալիֆորնիոյ միջեւ՝ այդ կարգին գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ»,- հետագայ ընելիքներուն մասին փակագիծերը կը բանայ Գալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթոնի Փորթանթինօն:

Մանրամասնութիւնները քննարկուած են Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ հանդիպումներուն: Արցախ կատարած այցի ընթացքին Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանն ու Գալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթոնի Փորթանթինօն հանդիպումներ ունեցած են Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի, պետական նախարարի, արտաքին գործոց նախարարի հետ:

Թալիշի Վերականգնման Աշխատանքները Աւարտին Կը Մօտենան

Թալիշի մէջ շինարարական աշխատանքները կը շարունակուին երկու տարիէ: Առ այսօր այդ ծրագիրին շուրջ մէկուկէս միլիառ դրամ ուղղուած է: Քաղաքաշինութեան նախարարը Արցախի նախագահին կը զեկուցէ կատարուածը: Առաջին փուլին կառուցուած եւ վերակառուցուած է 19 տուն, համայնքային կեդրոնը, հանդիսութիւններու դահլիճ: Երկրորդ փուլին կը վերանորոգուի 14 բնակելի տուն, հիմքէն կը կառուցուի եւս 2-ը: Համայնքային նշանակութեան շէնքերն ու շինութիւնները եւ բնակելի տուները ամբողջութեամբ կահաւորուած են: Զուգահեռաբար կը շարունակուին շինարարական աշխատանքները: Աւարտին կը մօտենան դպրոցի եւ մանկապարտէզի շինարարութիւնը: Ժամկէտներէն շեղումներ չկան: «Դպրոցի եւ մանկապարտէզի շէնքերը գրեթէ պատրաստ են: Հոկտեմբերի կէսերուն կ’աւարտենք: Նշեմ, որ այս երկու շէնքերն ալ ապահովուած են ապաստարաններով»,- շինարարական հրապարակին մէջ նախագահ Սահակեանին կը զեկուցէ եւ ցոյց կու տայ Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը:

Մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի գիւղի ենթակառուցուածքներու բարելաւման: Կեդրոնական փողոցները բարեկարգուած են, լուսաւորուած, կառուցուած է նոր ջրագիծ: Երրորդ փուլը հիմնականօրէն նոր բնակարաններու շինարարութիւնը պիտի ընդգրկէ: «Խօսքը կը վերաբերի 8 նոր բնակարանի: Վաղը մեր մասնագէտները Թալիշ կ’ըլլան՝ անոնց տեղերը որոշելու համար»,- նախագահի յանձնարարականը կը ներկայացնէ քաղաքաշինութեան նախարարը:

Թալիշի հողերը անմշակ չեն մնար: Թալիշեցիները կը շարունակեն հողի հետ աշխատանքը, արդէն 60 հա հերկած են: Թալիշեցիները նաեւ իրենց տնամերձ տարածքը կը խնամեն, աշնան բերքը կը հաւաքեն, կը պահեստաւորեն: «Շատ պարագաներու, այն ընտանիքները, որ արդէն մնալու պայմաններ ունին, օրեր շարունակ կը մնան գիւղը»,- կը վստահեցնէ Թալիշի համայնքի ղեկավար Վիլէն  Պետրոսեանը:

Թալիշեցիներէն շատերը առայժմ Մարտակերտի շրջանի մէկ այլ բնակավայր՝ Ալաշան կը բնակին. կը սպասեն գիւղի շինարարական աշխատանքներու աւարտին, որպէսզի վերջնականապէս Թալիշ վերադառնան: Մինչ այդ շատերը գիւղի շինարարութեան կը մասնակցին, շատերն ալ համալրած են հայրենիքի պաշտպաններու շարքերը եւ հայրենի գիւղի սահմաններուն հետ նաեւ հայրենիքի սահմանները կը պաշտպանեն:

Շինարարութիւնը աւարտելէ ետք, նոր դպրոցի յարմարութիւնները կը գնահատեն թալիշեցի փոքրիկները: Մինչ այդ, Թալիշի հարեւան Մատաղիս գիւղի դպրոցականներուն հետ էր Արցախի նախագահի չծրագրուած հանդիպումը: Կարճ տեւեց. զինուորականներուն ուղեկցութեամբ՝ Բակօ Սահակեանը շտապեց շինարարական յաջորդ հրապարակը՝ գնահատելու նորակառոյց զօրանոցներու հնարաւորութիւնները:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին