«ԶԱՐԹՕՆՔ«, ՊԷՅՐՈՒԹ – Սեպտեմբեր 14-ին տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանը: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հանրապետութեան մէջ վարելահողերու նպատակային եւ արդիւնաւէտ օգտագործման, հացահատիկային ապահովուածութեան մակարդակի բարձրացման, գիւղատնտեսութեամբ զբաղողներուն տրամադրուող դրամանպաստի արդիւնաւէտութեան եւ թիրախայնութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ տարածքային զարգացման անհամամասնութիւնները մեղմելու նպատակով կառավարութիւնը ընդունած է համապատասխան որոշում: Կը նախատեսուի պետական աջակցութիւն յատկացնել ընկերային աջակցութիւն ստացող սահմանամերձ 37 բնակավայրերու հող օգտագործողներուն՝ անոնց կողմէ 2019 թուականի բերքին համար 2018 թուականին փաստացի կատարուած աշնանացան հացահատիկային մշակաբոյսերու 1 հեքթարի համար յատկացնել 60.000 դրամ գումար: Նշուած գումարի հաշուարկներուն պարագային, հիմք ընդունուած են Հանրապետութեան մէջ 1 հա վարի եւ նախացանքային մշակութեան միջինացուած արժէքները: Դրամանպաստը կ’առաջարկուի տրամադրել իւրաքանչիւր շահառուի մինչեւ 7 հա փաստացի կատարուած աշնանացան հացահատիկային մշակաբոյսերու ցանքին համար: Հիմնաւորման համաձայն՝ 2017 թուականի հողային հաշուեկշիռով Հանրապետութեան 446,0 հազ. հեքթար վարելահողերէն չի մշակուիր կամ նպատակային չօգտագործուիր շուրջ 34,0 տոկոսը կամ 151,4 հազ. հեքթարը: Հանրապետութեան մէջ սպառուող պարենային հացահատիկի աւելի քան 50 տոկոսը կը ներկրուի: Ծրագիրի իրականացման համար կը պահանջուի 182,160 մլն դրամ գումար դրամանպաստ: Ուստի կը կրճատուին ներմուծուած աշնանացան հացահատիկային մշակաբոյսերու ծաւալները, կը բարձրանայ ինքնաբաւութեան մակարդակը: