Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Պըրրրի Մտահոգութիւն Յայտնեց Յարանուանական Լայնածաւալ Քարոզչութեան Կապակցութեամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի մտահոգութիւն յայտնեց նախարարաց խորհուրդի կազմաւորման գործընթացին մէջ հաստուած փակուղիին եւ յարանուանական լայնածաւալ քարոզչութեան կապակցութեամբ, որոնք, ըստ իրեն, լուրջ վնաս կը պաճառեն երկիրին: Այս մասին կ’իմանանք Հինգշաբթի տեղական օրաթերթի հրապարակումէն:
«Խնդիրները այսքան հեռու պէտք չէ երթային,- ըսաւ Պըրրի «Ալ Ժումհուրիա» թերթին:- Յուսանք, որ ամէն ինչ ճիշդ ուղղութեամբ կ’ընթանայ»,- աւելցուց ան:
«Մեր հիմնական խնդիրը հայրենասիրութեան պակասն է,- դիտել տուաւ խորհրդարանի նախագահը»: Ան հայրենասիրութիւնը համարեց գերագոյն լուծումը Լիբանանի խնդիրներուն:
Պըրրի մասնաւորաբար մեղադրեց Եւրոպան եւ ԱՄՆ-ը այս խնդիրներուն արմատները ըլլալու եւ յարանուանութիւն հասկացութիւնը սերմանելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութեան անուան ներքոյ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին