Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Չինաստանի Մէջ Ինը Մարդ Զոհուած Է, Երբ Ինքնաշարժը Վրաերթի Ենթարկած Է Բազմութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Չինաստանի մէջ ինը մարդ զոհուած է, երբ ինքնաշարժը Հունանի նահանգի Հենիան քաղաքի հրապարակին մէջ վրաերթի ենթարկած է բազմութիւնը: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, գրած է «Global Times» հրատարակութիւնը: Տուժածներու թիւը կը հասնի 46-ի:

Միջադէպը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 12-ի երեկոյեան, երբ մարդիկ հաւաքուած էին հրապարակ, ինչպէս ատիկա ընդունուած է չինական քաղաքներու մէջ, որպէսզի պարեն ու զուարճանան:

Կարմիր ամենագնացը անյայտ պատճառով մխրճուած է մարդկանց բազմութեան մէջ: Եան Ցզանիւն անունով վարորդը ձերբակալուած է, անոր դրդապատճառները դեռեւս յայտնի չեն: Հաղորդուած է, որ տղամարդը քանիցս դատուած եղած է:

Տեղական լրատուամիջոցները կը գրեն, որ ձերբակալուածը հիւանդ է քաղցկեղով եւ «չարացած է հասարակութեան վրայ», ինչ որ կրնար նման արարքի պատճառ դառնալ: Մինչդեռ այս տեղեկութիւնները առայժմ որեւէ ձեւով պաշտօնապէս չեն հաստատուիր, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին