24 Օգոստոս 2018-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսութիւնը արուեստից վարժարանի «Ովասիս» ամառնային ծրագիրին, որ այս տարի բոլորեց գործունէութեան 20-րդ տարին: Այս ընթացքին «Ովասիս»-ը ունեցաւ աւելի քան 4000 մասնակիցներ՝ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն ժամանած հայ մանուկներ եւ պատանիներ, անոնց համար ապահովելով ամառնային արձակուրդի հաճելի եւ օգտակար միջավայր:
20-րդ «Ովասիս»-ը բացուեցաւ 3 Յուլիսին 237 մասնակիցներով: Ծրագիրը իրականացուցին թիւով մօտ 50 երիտասարդ եւ աշխոյժ դաստիարակներ ու վերահսկիչներ` գլխաւորութեամբ տիկին Գարոլին Փուշեան Թերզեանի: Ամբողջ 8 շաբաթներ, 3-էն 13 տարեկան մանուկներ եւ պարման-պարմանուհիներ հետեւեցան բազմակողմանի ծրագիրի մը, որ բաժնուած էր զանազան խմբակներու` ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, ֆիլմի ցուցադրութիւն, զանազան մարզաձեւեր (ֆութպոլ, պասքէթպոլ, մարտարուեստ եւ հեծանիւ), թատրոն, դաստիարակչական խաղեր, կրօնագիտութիւն, համակարգիչի ուսուցում, խոհանոցի գիտելիքներ եւ կրօնագիտութիւն: Այս տարուան կարեւորագոյն նորութիւնը «ռոպոթիքս»-ի խմբակն էր` տեսական եւ գործնական բաժիններով: Առաւել խանդավառ մթնոլորտի մէջ անցան շաբաթավերջի 7 պտոյտները` դէպի լողաւազաններ եւ Լիբանանի տեսարժան վայրեր, անմոռանալի յուշեր դրոշմելով մասնակիցներու հոգիներուն մէջ: Նախքան այդ, գործադրուած էր «Փոքրիկ Ովասիս»-ը՝ առաւելագոյնս օգտուելու համար արձակուրդային օրերէն:
«Ովասիս»-ի փակման հանդիսութիւնը հարազատ արտայայտութիւնը եղաւ իրագործուած աշխատանքին եւ մասնակիցներու խանդավառութեան, ինչպէս նաեւ 20-ամեակի տօնական տրամադրութեան, զոր բաժնեկցելու եկած էին աւելի քան 1000 հրաւիրեալներ: Անոնց շարքին էին «Ովասիս»-ի նախկին պատասխանատուներ, ուսուցիչներ ու մասնակիցներ, ծնողներ եւ բարեկամներ: Հանդիսութիւնը սկսաւ 20 ջահակիրներու երթով. «Ովասիս»-ի իւրաքանչիւր տարուան մէկական մասնակից ջահ մը բարձրացուց բեմ՝ որպէս խորհրդանիշ «Ովասիս»-ի շարունակականութեան: Ովասիսականները ներկայացուցին բացառապէս հայկական շունչով տոգորուած գեղարուեստական յայտագիր մը՝ պարեր, խմբերգեր, թատերական պատկերներ եւ մարզական ցուցադրութիւններ՝ վերապրելով այն ամբողջ ուրախութիւնը, զոր ունեցած էին ծրագիրին ընթացքին: Հնչեցին «Ովասիս»-ի 20-ամեակին նուիրուած զոյգ երգեր` հեղինակութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի: Հանդիսավարն էր պարոն Վարդան Ազնաւուրեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ տիկին Գարոլին Թերզեան գոհունակութիւն արտայայտեց, որ կարելի եղաւ լիուլի գործադրել առաջադրուած ծրագիրը: Ան վերյիշեց «Ովասիս»-ի մէջ իր գործունէութեան 16 տարիներու դրուագներ՝ յատկապէս շեշտելով, որ ծրագիրը կրցաւ կանգուն մնալ ամենադժուարին պահերու իսկ` չընկրկելով պատերազմական պայմաններուն առջեւ անգամ:
Հանդիսութեան եզրափակիչ իր խօսքին մէջ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու տնօրէն Կրէկուար Գալուստ դիտել տուաւ, որ իրագործուած յաջողութիւնը արդիւնք էր լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանքի, որուն համար ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց «Ովասիս»-ի կազմակերպիչ անձնակազմի անդամներուն եւ ուսուցիչներուն: Ան պարգեւատրեց պարոն Մանուէլ Քէշիշեանն ու պարոն Ստեփան Մեսճեանը, «Ովասիս»-ին իրենց 20 տարիներու ծառայութեան համար: Պարոն Գալուստ վստահեցուց, որ «Ովասիս»-ը միշտ պիտի մնայ հայաշունչ միջավայր մը հայ մանուկներու եւ պատանիներու համար՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ծնողներուն` քաջալերանքին եւ զօրակցութեան համար:
Ովասիսի փակման հանդիսութիւնը աւարտեցաւ 20-ամեակի կարկանդակի հատումով` գլխաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեանի, որուն շուրջ խմբուած էին «Ովասիս»-ի 20 տարիները ներկայացնող պատասխանատուներ, ուսուցիչներ, վերահսկիչներ ու աշակերտներ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի