Երկուշաբթի, 11. 11. 2024

spot_img

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան 2018 – 2019 Տարեշրջանի Աւանդական Ընդհանուր Հանդիպումը

Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը 2018 – 2019 տարեշրջանի սեմին եւ վերամուտի նախօրեակին ունեցան իրենց աւանդական ընդհանուր հանդիպումը՝ ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ վարժարաներու նախագահի տեղակալ Գերապայծառ Գաբրիէլ ծ. վրդ. Մուրատեանի:

Երկուշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2018-ին առաւօտեան Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց գերապատիւ հայր Գրիգիոր վրդ. Պատիշահ, որ իր օրհնութիւնը փոխանցեց եւ յաջողութիւն մաղթեց գալիք տարեշրջանին: Պատարագի աւարտին առնուեցաւ աւանդական հաւաքական խմբային նկարը:

Կոկիկ հիւրասիրութենէ մը ետք, հանդիպումը շարունակուեցաւ վարժարանիս ժողովասրահին մէջ: Գերապայծառ Մուրատեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկայացուց վարժարանիս նորանշանակ տնօրէն հայր Գրիգոր Պատիշահը, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին տնօրէն Գերապայծառ հայր Եղիա Եղիայեանին, անոր ունեցած վաստակին եւ գետնի վրայ տարած անխոնջ աշխատանքին վարժարանիս բարօրութեան համար: Գնահատեց վարժարանիս ակադեմական մեծաւորուհի օրիորդ Նէլլի Տէր Ղազարեանի եւ վարչական մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեանի՝ 2017-2018 տարեշրջանի տքնաջան աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անձնակազմին, որոնք մեծ վստակ ունեցած էին դպրոցի յառաջդիմութեան մէջ: Ի վերջոյ շնորհաւորեց տնօրէնութիւնը եւ անձնակազմը, որոնք բոլորանուէր աշխատանքով կրցան շրջանցել ամէն տեսակի դժուարութիւններ՝ մաղթելով բոլորին յաջող ու հեզասահ տաեշրջան մը:

Իր կարգին հայր Գրիգոր Պատիշահ, բարի գալուստի խօսքէն ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կողմէ իրեն տրուած վստահութեան եւ այս տարեշրջանի ընթացքին  խոստացաւ մօտէն հետեւիլ դպրոցի հոգեւոր եւ կարգապահական դաստիարակութեան: Ան շեշտը դրաւ յարատեւ շարունակական աշխատանքին, որուն շնորհիւ է  որ կը գոյատեւէ դպրոցը:

Յաջորդաբար խօսք առին ակադեմական մեծաւորուհի օրիորդ Նէլլի Տէր Ղազարեան եւ վարչական մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեան: Իւրաքանչիւրը, իր կարգին, պաստառի վրայ զեկուցեց նախորդ տարեշրջանի իրագործուած յաջողութիւններուն եւ աշխատանքներուն մասին: Անոնք մեծ հպարտութեամբ անդրադարձան պետական քննութեանց վարժարանիս արձանագրած հարիւր տոկոս յաջողութեան, գնահատեցին բոլոր ուսուցիչները եւ պարգեւատրեցին զանոնք, որոնց շնորհիւ ապահովուած էին այդ պատուաբեր արդիւնքները: Անոնք նաեւ ներկայացուցին իրենց նոր տարեշրջանի ծրագիրները, որ արդէն ի գործ դրուած են, ինչպէս օրինակ՝ կրթական նոր  եւ արդիական ծրագիրներ, շինարարական եւ բարեփոխման աշխատանքներ…

Աւարտին, հիւր դասախօսուհի դոկտ. Ժուհայնա Մուշարրաֆիէ զեկուցեց 21-րդ դարու դասաւանդութեան մասին: Ան աշխատանք թելադրեց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, վերահասու դարձաւ անոնց դժուարութիւններուն եւ խոստացաւ յաջորդական հանդիպումներով ու գործնական աշխատանքներով ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն մարզել 21-րդ դարու գրաւիչ եւ արդիական դասաւանդութեան ձեւեր իւրացնելու:   

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին