«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նիւ Եորքի մէջ 2001-ի ահաբեկչական յարձակումի զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութիւն կայացած է: Համաշխարհային առեւտուրի նոր կեդրոնի հարեւանութեամբ գտնուող յուշարձանին մօտ տեղի ունեցած է տեղական հեռուստաալիքներով հեռարձակուող սգոյ միջոցառումը: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ «ՏԱՍՍ»-ը։
Արարողութեան, որուն մասնակցած են հարիւրաւոր մարդիկ, սկսած է մէկ վայրկեան լռութեամբ՝ տեղական ժամանակով 08:46-ին. 17 տարի առաջ նոյն այդ ժամուն «Ալ Քաիտա» ցանցի ահաբեկիչներուն կողմէ թալանուած առաջին ինքնաթիռը մխրճուեցաւ Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոնի հիւսիսային երկնաքերին մէջ: Անկէ ետք տուժածներու հարազատները սկսան հաշուել մահացածներու անունները՝ 2977 մարդ: