«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 12-ին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչարտ Միլսը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուդիտ Մարկրեթ Ֆարնուորթը: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հանդիպումին քննարկուած են տարբեր ոլորտներու մէջ ընթացիկ համագործակցութիւնը եւ անոր զարգացման հեռանկարները: Արծարծուած են համատեղ ծրագիրներու, այդ կարգին՝ Ամուլսարի ներդրումային ծրագիրի ընթացքին եւ «Լիդիան Ինթերնէյշնլ» ընկերութեան գործունէութեան վերաբերող հարցեր: