Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

ՀՀ Վարչապետն Ու Միքայէլ Ժանը Բացած Են Ֆրանքոֆօն Հասարակական Կազմակերպութիւններու Խորհրդաժողովը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ֆրանքոֆոնիոյ միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանը Սեպտեմբեր 12-ին բացած են Ֆրանքոֆօն հասարակական կազմակերպութիւններու խորհրդաժողովը:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին Սեպտեմբեր 12-ին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ լրագրողներուն յայտնեց ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեանը:

«Այսօր տիկին Ժանը եւ Նիկոլ Փաշինեանը բացած են Ֆրանքոֆօն հասարակական կազմակերպութիւններու խորհրդաժողովը, որուն մասնակցած են շուրջ 200 ՀԿ ներկայացուցիչներ ֆրանքոֆօն երկիրներէն եւ գրեթէ բոլոր մայրցամաքներէն»,- ըսաւ Բալայեանը:

Երէկ աւարտած է «Ապրինք միասին կայուն զարգացող միջավայրի մէջ» եւ «Ներգրաւուած հասարակութիւն» խորագրերով Ֆրանքոֆօն երիտասարդական երկօրեայ համաժողովը, որուն մասնակցած են ֆրանքոֆօն երիտասարդներ հայաստանեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէ եւ հասարակական կազմակերպութիւններէ: Խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր Ֆրանքոֆօն երիտասարդական խորհրդարանի, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Picsart ընկերութեան հայաստանեան մասնաճիւղի համագործակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին