«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Դատախազութիւնը երէկ եզրափակեց իր փաստարկներու քննարկման երկրորդ օրը՝ ուղղակիօրէն կապելով վերջին մեղադրեալը՝ Սալիմ Աայաշը, ոճրագործութեան կապակից հեռաձայնի հետ:
Չորս մեղադրեալներէն Աայյաշը ունէր ամենամեծ թիւով հեռաձայնները, որոնք ըստ ամենայնի կապուած էին 2005-ին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ 21 այլ մարդոց սպանութեան:
Աայյաշ, Հասան Մերհի, Հուսէյն Ղուննէյսի եւ Ասատ Սապրա կը դատապարտուին Պէյրութի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ գործադրած ըլլալու անունով: Նշենք, որ բոլոր մեղադրեալներուն անուններն ալ առնչուած են Հըզպալլայի հետ: