«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թաժանիի հրաւէրով Աուն եռօրեայ պաշտօնական այցով գտնուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Սթրասպուրկ քաղաքը: Երեքշաբթի նախագահը ելոյթ ունեցաւ եւրոպական խորհրդարանի 2018-2019 նիստի բացումին, ուր սուրիացի գաղթականներու յարուցած ճգնաժամի հանգուցալուծման համար դիմեց միջազգային հանրութեան զօրակցութեան:
Ան նաեւ քննադատեց ԱՄՆ-ի՝ ՄԱԿ-ի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պաղեստինեան գաղթականներու հարցերով գործակալութեան յատկացուցած ֆինանսաւորումը դադրեցնելու որոշումը:
Աւարտին, Երեքշաբթի ուշ երեկոյեան Աուն լայնօրէն անդրադարձաւ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ գրանցուած փակուղիին, որ, յիրաւի, իր չորրորդ ամիսը թեւակոխած է՝ առանց նկատառելի արդիւնքի: