«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մուֆթի շէյխ Ապտըլ Լաթիֆ Տէրեան Իսլամական Նոր Տարուայ տօնին առիթով Երկուշաբթի հեռասփռուող ուղերձի ժամանակ կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական գործիչներուն երկխօսութեան միջոցով փորձելու յարմարաւէտ լուծում գտնել երկրի քաղաքական ու տնտեսական վտանգաւոր իրավիճակին:
Իր ուղերձին մէջ շէյխ Տէրեանը յոյս յայտնեց, որ Հարիրիի կառավարութիւնը զանց պիտի առնէ դաւանական կողմնակալութիւնը եւ հաստատապէս պիտի երաշխաւորէ բոլոր կողմերու ներգրաւուածութիւնը: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ շարք մը կուսակցութիւններու յարադէպ պահանջները քաղաքական գլխաւոր պաշտօններ զբաղեցնելու շահաւէտ չեն որեւէ մէկուն համար, այլ, ընդհակառակը, անոնք սկիզբն են նորանոր խնդիրներու, ինչ որ, իրենց հերթին, կը սպառնան երկրի կայուն գոյավիճակին: