Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Տասնամեակ մը առաջ էր, երբ Վէնքուվըրէն Լոս Անճելըս այցելեց Նարեկ արքեպիսկոպոս եւ բարեկամական այցելութիւն մը տուաւ մեզի։ Ամէն նման այցելութեան մեր տունը ա՛լ աւելի կը լեցուէր քրիստոնէական ջերմ մթնոլորտով՝ իր բերած խանդավառութեան առընթեր։ Բացի հայրենակցական կապերէ՝ մայրս խոր յարգանք կը տածէր իր մեծ հօր հանդէպ եւ ամէն այցելութեան զիս կը տանէր Ալեէմէզեանենց տունը։
Ահաւասիկ մեր տուն տուած իր հերթական այցելութեան մը ատեն սրբազան հայրը խնդրեց, որ հանդիպինք իր առաջին տնօրէնին՝ պրն. Երուանդ Պապայեանին եւ իր տիկնոջ Անժելին։ Պրն. Ե. Պապայեան իր կենցաղին բնորոշ լրջութեամբ դիմաւորեց մեզ՝ փողկապ համազգեստով… անուաթոռի մէջ եւ մանուկի մը պէս ուրախացաւ «իր զաւկին» այցելութեամբ։ Ջերմ ողջագուրումներէ ետք տէր եւ տիկ. Պապայեաններու եւ փրոֆ. Սիլվա Գարայեանի հետ, սկսաւ զրոյցը հինէն ու նորէն։
Այդ օրը ինծի համար յայտնութիւն մը բերաւ երկուքին անցեալէն։
Ուրեմն Մանուկի (աւազանի անուն Նարեկ Սրբազանի) մայրը՝ հետագային հպարտ տիրամայրը, պլպլան աչքերով ու բարի դէմքով իր մինուճար որդւոյն ձեռքէն բռնած արձանագրութեան նպատակով կը տանի գաղթականական թաղերու մխիթարանքը եղող ԹՄՄ Թէքէեան վարժարանը ու կը ներկայանայ միջին տարիքի ու խիստ յարգուած տնօրէն պրն. Երուանդ Պապայեանին։ Ձգենք, որ մնացեալը պատմէ պրն. տնօրէնը.
– Մայրդ ձեր ձեռքէն բռնած մտաւ գրասենեակս։ Տեսնեմ դիմացս փայլուն աչքերով համակրելի տղէկ մը կայ։ Այն ատեն ձեզի հարցուցի, թէ ի՞նչ կ՚ուզես ըլլալ երբոր մեծնաս, դուք առանց վարանելու ըսիք՝ «Կաթաղիկոս»…, ըսի՝ կ՚ըլլաս տղա՛ս, ուշիմ երեխայ մը կ՚երեւիս։ Ապրի՛ս։
Եւ այսպէս Մանուկը՝ հաւատարիմ իր խոստումին, Թէքէեան վարժարանը աւարտելէ ետք մտաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը։
Ահաւասիկ այսօր Նարեկ արքեպիսկոպոս Ալեէմէզեան արդարօրէն կը զբաղեցնէ Լիբանանի նման կարեւոր ու խոր աւադութիւններ ունեցող հայկական գաղթավայրին հոգեւոր առաջնորդի աթոռը։
Դժուար ու խիստ պատասխանատու օրեր կը սպասեն նորընտիր առաջնորդ հօր։ Իրեն կը մաղթենք մեծ համբերութիւն եւ մեր Տիրոջ ամպհովանին։
Լոս Անճելըս