Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Երեւանի Մէջ Կայացած Են Հայաստանի Եւ Վրաստանի Վարչապետներու Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւնները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթաձէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի նստավայրին մէջ Վրաստանի վարչապետի դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Մամուքա Պախթաձէի առանձնազրոյցը, որուն ժամանակ քննարկուած են բարեկամական յարաբերութիւններու ընթացքը եւ հետագայ զարգացման հեռանկարները:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Մամուքա Պախթաձէի առանձնազրոյցին յաջորդած է երկու երկիրներու կառավարական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:

Երկուստեք արձանագրելով քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը` Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները քննարկած են ուժաբանութեան, փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան, զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները: Այս թեմայի լոյսին տակ կողմերը կարեւորած են տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքի աշխուժացումը եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած յանձնաժողովի հերթական նիստը գումարելու այս տարուան Նոյեմբերին Թիֆլիսի մէջ:

Անդրադառնալով երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալին, որ կը կազմէ 400 մլն ամ. տոլար` Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններու ղեկավարները համակարծիք եղած են, որ այդ ցուցանիշը բաւարար չէ, եւ առկայ է մեծ ներուժ աւելի բարձր արդիւնքներ արձանագրելու համար: Մամուքա Պախթաձէն նշած է, որ պէտք է աշխոյժ աշխատիլ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը 1 միլիառ ամ. տոլարի հասցնելու համար եւ առաջարկած է ՀՀ վարչապետին տնտեսական խումբերուն առջեւ խնդիր դնել այդ ուղիին վրայ առկայ խոչընդոտները վերհանելու եւ դրուած նշաձողին հասնելու համար:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Մամուքա Պախթաձէն անդրադարձած են տարածաշրջանային հարցերուն, ընդգծած հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը` տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ապահովման համար: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեան ուժաբանութեան եւ ենթակառուցուածքային ծրագիրներու իրականացման հեռանկարներուն շուրջ, որոնք, իրենց կարծիքով, կը նպաստեն տարածաշրջանի տնտեսական զարգացման, ապրանքաշրջանառութեան աճին եւ կայունութեան ապահովման:

Կողմերը ընդգծած են նաեւ միջազգային կառոյցներու մէջ ներգրաւուածութեան եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ մէկզմէկու կենսական շահերու յստակ գիտակցմամբ ու յարգումով։

Հայ-վրացական մարդասիրական կապերու սերտացման ծիրէն ներս վարչապետներ Փաշինեան եւ Պախթաձէն կարեւորած են շարունակական փոխգործակցութիւնը մշակութային, կրթական կապերու ամրապնդման, երիտասարդներու միջեւ փոխճանաչելիութեան բարձրացման ուղղութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին