«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մասնակցած է Մոսկուայի քաղաքապետի ընտրութիւններուն։
Քուէարկութենէն ետք Փութին լրագրողներուն ըսած է, թէ կ’ակնկալէ, որ Մոսկուայի կառավարման այժմեան ոճը կը պահպանուի նաեւ ապագային։
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՏԱՍՍ»-ը, Փութին նաեւ նկատած է, որ որոշ խնդիրներու լուծումէն ետք կը գոյանան միւսները։ «Այդ մէկը անխուսափելի է, որովհետեւ կեանքը նորանոր խնդիրներ կը դնէ,- յայտարարած է ան։- Սակայն Մոսկուան կը զարգանայ լաւ թափով եւ լաւ որակով»։
Ռուսիոյ մէջ Սեպտեմբեր 9-ը քուէարկութեան օր էր. երկրի ամբողջ տարածքին նախատեսուած էին աւելի քան 4,7 հազար տարբեր ընտրութիւններ, այդ կարգին ` 59 տեղական հանրաքուէ: Դաշնութեան 22 շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած են նահանգապետներու ընտրութիւններ, երեքին մէջ` տեղական խորհրդարաններու պատգամաւորները ընտրած են մարզերու ղեկավարներ: ՌԴ 16 շրջաններուն մէջ կայացած է տարածաշրջանային օրէնսդրական ժողովներու ընտրութիւնը, իսկ վեց տարածաշրջաններու եօթը ընտրատարածքներուն մէջ VII գումարման Պետական տումայի պատգամաւորներ ընտրութիւնը:
Քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան 85 մարզերէն 80-ին մէջ: Ընդհանուր առմամբ, պիտի փոխարինուին աւելի քան 31,4 հազար պատգամաւորական լիազօրութիւններու տէրեր եւ ընտրովի պաշտօնեաներ:
Ընտրութիւններուն մասնակցած են 41 ռուսական կուսակցութիւններ եւ չորս հասարակական կազմակերպութիւններ:






