Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Վրաստանի Վարչապետը Պաշտօնական Այցով Կը Ժամանէ Հայաստան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթաձէն պաշտօնական այցով Սեպտեմբեր 10-ին կը ժամանէ Հայաստան։ «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին գրառումով տեղեկացուցած է ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Արման Եղոյեան:

«Այցի ծիրէն ներս կը նախատեսուի առանձնազրոյց եւ ընդլայնուած կազմով հանդիպում ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որուն կը յաջորդէ երկու երկիրներու ղեկավարներուն յայտարարութիւնը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Վրաստանի վարչապետը կ’այցելէ նաեւ հայոց Մեծ եղեռնի զոհերու յուշահամալիր»,- նշած է Արման Եղոյեան եւ աւելցուցած, որ այցի ծիրէն ներս նախատեսուած է հանդիպում ՀՀ նախագահի եւ Ազգային ժողովի նախագահին հետ։ Ի պատիւ Վրաստանի վարչապետի՝ կը նախատեսուի պաշտօնական ընթրիք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անունով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին