Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

ՀՀ Վարչապետը Ռուսահայ Գործարարներուն Կոչ Կ’ընէ Բարեգործութեան Տրամաբանութիւնը Փոխարինելու Աշխատանքի Տրամաբանութեամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիոյ Դաշնութիւն աշխատանքային այցի ծիրէն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 8-ին Մոսկուայի մէջ հանդիպած է ռուսաստանաբնակ հայազգի գործարարներուն:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ մինչ համագործակցութեան շուրջ քննարկումը սկսիլը ՀՀ վարչապետը անդրադարձած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի արդիւնքներուն: «Ռուսաստանի նախագահի հետ միասին արձանագրել ենք, որ հայռուսական յարաբերութիւններում չկայ որեւէ խնդիր, եւ բոլոր հարցերի շուրջ կայ ըմբռնում: Ի թիւս մի շարք այլ ոլորտների՝ քննարկել ենք նաեւ տնտեսական համագործակցութեան հետագայ զարգացմանը վերաբերող հարցեր: Սա լաւ ազդակ է ձեզ համար եւս` Հայաստանի տնտեսութիւնում նոր ներդրումներ անելու եւ տարբեր ոլորտներում ծրագրեր նախաձեռնելու համար», – նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

Հանդիպումին մասնակից գործարարներուն հետ հարց ու պատասխանի ընթացքին վարչապետը ներկայացուցած է մեր Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման վերաբերեալ կառավարութեան տեսլականը, կաշառակերութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս կատարուող քայլերը, ներդրումներու պաշտպանութեան եւ խրախուսման, գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները, հարկային օրէնսդրութեան, պետական կառավարման համակարգի բարեփոխումները:

ՀՀ տնտեսութեան զարգացման առաջնահերթութիւններու շարքին կառավարութեան ղեկավարը նշած է թեթեւ արդիւնաբերութեան, ադամանդագործութեան, ոսկերչութեան, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան ոլորտները, իսկ թիւ մէկ գերակայութիւնը բարձր եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի զարգացումն է: «Մենք պէտք է աշխատենք Հայաստանն ագրարային երկրից տեխնոլոգիականի վերածելու ուղղութեամբ, քանի որ դա բխում է մեր անվտանգութիւնից»,- ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեան:  

Անդրադառնալով ներդրումներու երաշխիքներուն` Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ թէ՛ հայաստանեան, թէ՛ օտարերկրեայ ներդրումներու պաշտպանութիւնը երաշխաւորուած է ՀՀ օրէնսդրութեամբ. «Ամենակարեւոր արձանագրումը հետեւեալն է` որեւէ պիզնես գործունէութիւն պէտք է իրականացուի օրինականութեան շրջանակում: Մենք պէտք է ստեղծենք համագործակցութեան մթնոլորտ եւ միասին զարգացնենք մեր հայրենիքը»: Նիկոլ Փաշինեանը տեղեկացուցած է, որ կառավարութիւնը քննարկումներ պիտի կատարէ ներդրումներու պաշտպանութեան նոր համակարգերու, ինչպէս նաեւ «ներդրումային մէկ պատուհան»-ի ներդրման շուրջ` նպատակ ունենալով դիւրացնել գործարարներու շփումը պետական կառավարման համակարգի տարբեր օղակներուն հետ եւ բարձրացնել պետութիւն-առեւտրական երկխօսութեան մակարդակը: Ինչ կը վերաբերի հարկային օրէնսդրութեան բարեփոխումներուն, վարչապետին խօսքով` գործադիրը նախաձեռնած է լուրջ փոփոխութիւններ` նպատակ ունենալով հնարաւորինս պարզեցնել հարկումի համակարգը եւ բարելաւել գործարար միջավայրը:

Ռուսաստանաբնակ հայ գործարարներուն հետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկած է նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու վերաիմաստաւորման հարցը: «Բարեգործութեան տրամաբանութիւնը պէտք է փոխարինենք աշխատանքի տրամաբանութեամբ»,– ընդգծած է վարչապետը` նշելով, որ կառավարութեան նպատակն է միջավայր եւ պայմաններ ստեղծել, որպէսզի արտերկիր բնակող մեր հայրենակիցները Հայաստանի մէջ ներդրում կատարեն` նոր աշխատատեղիներ ստեղծելու, իրենց առեւտրական շահերը հաշուի առնելու եւ շահ ունենալու տրամաբանութենէն մեկնելով:

Որոշ գործարարներու կողմէ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուած են նաեւ ներդրումային յստակ ծրագիրներու առաջարկներ: Կառավարութեան ղեկավարը յորդորած է զանոնք տրամադրել ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի պատասխանատուներուն եւ համապատասխան նախարարութիւններուն` հետագայ ընթացքը քննարկելու համար:

Հանդիպումին միտքեր փոխանակուած նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական հարցերուն եւ զարգացումներուն, արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին