Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Դոկտ. Ժանին Թօփալեան՝ Քալիֆորնիոյ Կրթական վարչութեան յանձնաժողովի անդամ

«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Քալիֆորնիոյ Վարժարաններու հոգեբաններու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ միութեան քարտուղար եւ գանձապահ Դոկտ. Ժանին Թօփալեան Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախագահին կողմէ նշանակուած է Քալիֆորնիոյ Կրթական վարչութեան Յատուկ կրթական կարիքներու խորհրդակցական յանձնաժողովի անդամ։

Յանձնաժողովը մօտէն կը գործակցի ոչ միայն Քալիֆորնիոյ Կրթական վարչութեան, այլեւ հանրային դասաւանդումի նահանգային վերահսկիչին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին եւ նահանգապետին հետ, կրթական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներուն լաւագոյն սպասարկութիւններ ապահովելու նպատակով։

Յանձնաժողովի անդամներուն պաշտօնավարութիւնը 4 տարի կը տեւէ, իսկ անդամները կրնան միայն մէկ անգամ վերանշանակուիլ։

Դոկտ. Թօփալեան յայտնած է, թէ պատիւ կը նկատէ այս նշանակումը՝ աւելցնելով, որ յանձնաժողովին որոշումները երկարատեւ ազդեցութիւն ունին ոչ միայն աշակերտներու, այլեւ անոնց ընտանիքներուն եւ ամբողջ նահանգին վրայ։

Դոկտ. Թօփալեան աւելի քան 15 տարիներու փորձառութիւն ունի՝ իբրեւ հոգեբան աշխատելով նախակրթարանէն մինչեւ 12րդ դասարանի աշակերտներու հետ։ Ան նաեւ Քալիֆորնիոյ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի անդամ է։

Կը շնորհաւորենք Դոկտ. Ժանին Թօփալեանը եւ կը մաղթենք անսպառ եռանդ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին