«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Վերամուտ է։ Մերտինեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը, աշակերտներն ու ծնողները երկու ամսուան դադարէ մը ետք, կը վերադառնան դպրոցական իրենց առօրեայ կեանքին ու մարտահրաւէրներուն։ Վարժարանս 37-րդ տարին ըլլալով կը բանայ իր դռները հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն դիմաց ու գրկաբաց կ՚ընդունի զանոնք, խոստանալով ապահով միջավայր, ուր հայ մանուկը հասակ պիտի առնէ ու զարգանայ հոգիով ու մտքով։
Երկուշաբթի, Օգոստոս 20, 2018, առաւօտեան ժամը 8։00-ին հնչեց դպրոցական ներկայ տարեշրջանի առաջին զանգը եւ Մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ կարգի աշակերտները իրենց ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ շտապեցին դէպի վարժարանիս «Արամ եւ Անայիս Պուլղուրճեան» սրահ, ուր իրենց կը սպասէին տնօրէնուհին ՝ Տիկին Լինա Արսլանեանը, հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ՝ Տիկին Ռիթա Մէնէշեանը, Պատուելի Հենրիկ Շահնազարեանը եւ վարժարանիս ծնողներու ստուար հոյլ մը։
2018-2019 տարեշրջանի բացման արարողութիւնները կատարեցին աշակերտները կրօնի բաժանմունքի պատասխանատու՝ Տիկ. Լենա Էքմեքճեանի առաջնորդութեամբ։ Տիկին Արսլանեան ողջունեց բոլորը եւ ապա հրաւիրեց Պատուելի Հենրիկ Շահնազարեանը եւ Տիկ. Մէնէշեանը, որպէսզի փոխանցեն իրենց խօսքը։ Տիկին Արսլանեան հաճոյքով յայտարարեց նաեւ վարժարանիս աշակերտներու թուական աճին մասին եւ արագ ակնարկ մը կատարեց ամրան կայացած ճամբարի իրագործումներուն եւ այս տարուան իրագործելիք ընթացիկ ու նոր ծրագիրներուն վրայ։ Ան հաստատեց, թէ ընդառաջելով ծնողներու փափաքին, արդէն իսկ գործի կը դրուի արեւմտահայերէնի զուգահեռ արեւելահայերէնի դասաւանդման կրթական ծրագիրը նախակրթարանի առաջին երեք դասարաններուն մէջ։ Ապա, Տիկ. Արսլանեան ներկայացուց 2018-2019 տարեշրջանի ուսուցչական կազմն ու պաշտօնէութիւնը։
***
Նոյն օրը ժամը 9:30-ին տեղի ունեցաւ Մերտինեան վարժարանի Նախամանկապարտէզի վերամուտի հանդիսութիւնը։
Խօսք առաւ Նախամանկապարտէզի պատասխանատու Տիկ. Մարիժան Գէորգեան, որ ողջունեց բոլոր ծնողները վստահեցնելով, թէ Մերտինեանի Նախամանկապարտէզին մէջ իրենց զաւակները պիտի վայելեն սէր, գուրգուրանք եւ հոգածութիւն։
Բարի վերադարձ դպրոց ու բարի տարի։