Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Պետական Վերահսկողութեան Ծառայութիւնը Զօրահաւաքի Կազմակերպման Հետ Կապուած Առաջարկներ Ներկայացուցած Է ՊՆ-ին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան պետական վերահսկողութեան ծառայութիւնը զօրահաւաքի կազմակերպման հետ առաջարկներ ներկայացուցած է պաշտպանութեան նախարարութեան, զորս կեանքի կոչելու պարագային, կաշառակերութեան հաւանականութիւնը աւելի կը նուազի: «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան մամուլի սրահին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումին այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան պետական վերահսկողութեան ծառայութեան պետ Դաւիթ Սանասարեանը՝ ամփոփելով պաշտօնավարման 100 օրը: 

«Իմ խորհրդականներս եղած են կեդրոնական զինուորական հաւաքակայանին մէջ, մշտադիտարկում իրականացուցած են, հետեւաբար ծնած են առաջարկներ, զորս մենք ներկայացուցած ենք պաշտպանութեան նախարարութեան: Մենք կը կարծենք, որ զօրահաւաքը  այլ կերպ պէտք կազմակերպել, որուն շնորհիւ կաշառակերութեան հաւանականութիւնը աւելի կը նուազի»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ ընդգծեց Դաւիթ Սանասարեանը:

Ան աւելցուց, որ յառաջիկային այդ հարցով քննարկում պիտի ունենան պաշտպանութեան նախարարութեան հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին