«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսային շրջաններուն մէջ Սեպտեմբեր 8-10 կէսօրէ ետք կարճատեւ անձրեւ ու ամպրոպ կը սպասուի, առանձին հատուածներու մէջ հաւանական է նաեւ կարկուտ:
Քամին՝ հարաւ-արեւմտեան՝ 5-10 մ/ու, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 15-20 մ/ու:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ օդի ջերմաստիճանը Սեպտեմբեր 5-6 պիտի բարձրանայ 3-4 աստիճանով՝ առանձին մասերու մէջ հասնելով մինչեւ 35 աստիճանի, Սեպտեմբեր 8-9-ը նոյնքան կը նուազի՝ գիշերային ժամերուն հասնելով մինչեւ 7 աստիճանի:
Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 6-10 առանց տեղումի եղանակ կը սպասուի: Ջերմաստիճանը ցերեկը կ’ըլլայ 33 աստիճան: