Տան եւ Ատամ Պիլզերեաններու հօր՝ Փոլ Պիլզերեանի ֆէյսպուքի գրառումը, որուն բովանդակութեան մէջ տեղ գտած բոլոր միտքերուն անպայմանօրէն համաձայն չըլլալով հանդերձ, կ՛ընդունինք զայն որպէս տեսակէտ եւ զայն թարգմանելով կը բաժնենք մեր ընթերցողներուն հետ:
«Խմբ.»
Նոր վերադարձայ Հայաստան այցելութենէս, ուր հպարտութեամբ ականատես եղայ իմ երկու մանչերուս՝ Տանի եւ Ատամի, որպէս ՀՀ քաղաքացիներու երդումին: ՀՀ ասկէ աւելի բարեացակամ չէր կրնար ըլլալ: Յիրաւի, կը տեսնեմ, որ Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենան բազմաթիւ դրական փոփոխութիւններ: Սակայն որպէս 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած չորս նախնիներու յետնորդ՝ Հայաստանի գործող կառավարութենէն, ինչպէս նաեւ բոլոր հետագայ կառավարութիւններէն հաստատապէս կը պահանջեմ, որ հետեւին համաշխարհային պատմութեան մէջ քաղաքական ամենամեծ ղեկավարներէն Նելսըն Մանտելայի օրինակին: Թող անոնք իրենց ջանքերը ի մի բերելով համախմբեն աշխարհով մէկ ցրուած հայերը՝ Հայաստանը աւելի լաւ վայր դարձնելու բոլոր հայերուն համար: Մանտելան անտարակոյս կրնար,- եւ բոլորը կը հասկնային, եթէ ըլլար,- վրէժխնդիր ըլլալ իր հին թշնամիներուն դէմ, որոնք զինքը աւելի երկու տասնամեակ անողոքաբար բանտարկեցին: Բայց ինք, ընդհակառակը, ընտրեց ներողամտութիւնը եւ արժանացաւ համընդհանուրի խոր պատկառանքին եւ հիացումին, ընդհուպ մինչեւ զինքը բանտարկողներուն: «Երբ յառաջացայ այն դարպասին, որ զիս պիտի առաջնորդէր դէպի ազատութիւն, խորապէս հասկցայ, որ եթէ մէկդի չձգէի ներքին ատելութիւնս եւ դառնութիւնս, պիտի շարունակէի բանտախուցը մնալ»: Հայաստանի պատմութեան համար խիստ կարեւոր այս իրադրութեան ժամանակակէտին, մենք պէտք ունինք Նելսըն Մանտելայի սրտով ու իմաստութեամբ առաջնորդներ, եւ ես յոյսով եմ, որ այդ մէկը աներկմտօրէն առկայ է Հայաստանի մէջ:
Հայաստան կեցութեանս ընթացքին Տանը, Ատամը եւ ես այցելեցինք Ղարաբաղ, հոն ուր բազմաթիւ ճակատամարտներ մղուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, որոնցմէ նորագոյնը 1992-1994-ն է: Այս առաւօտ ես կարդացի, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է ձերբակալելու իմ զաւակս՝ Տանը, Ղարաբաղ այցելելու համար: Ճիշդ է, քաղաքական շատ ղեկավարներ կան աշխարհի վրայ, բայց անոնց մէջ լաւերը դժբախտաբար փոքրամասնութիւն կը կազմեն: Ի՞նչ դիւրին պէտք է ըլլայ լաւ ու հաւատարիմ տղամարդիկ մահուան առաջնորդել քաղաքական անմիտ նպատակներու համար:
1968-ին ես միացայ ամերիկեան բանակին՝ որպէս ծայր աստիճան հաւատարիմ ամերիկացի: Որպէս երիտասարդ հրամանատար՝ ես կամաւորաբար ուզեցի մասնակցիլ Վիեթնամի պատերազմին: Ինծի շնորհուեցան մետալներ, սակայն տակաւին շատ դեռահաս էի համօրէն ընկալելու այդ պատերազմի անհեթեթ պատճառները: Դժբախտաբար, կուրօրէն հետեւացայ ամերիկեան կառավարութեան: Երբ 21-րդ տարեդարձիս օրը տուն վերադարձայ Վիեթնամէն, երդում ըրի, որ այսուհետ սխալ կողմի օգտին պատերազմ պիտի չմղեմ: Յորմեհետէ զղջումի պահեր ունեցած եմ իմ իսկ անձիս մասին չմտածելու եւ սեփական եզրացակացութիւններուս ու դատողութիւններուս չյանգելու, նախքան զէնք վերցնելն ու հեռաւոր վայրերու մէջ անմեղ մարդիկ սպաննելը:
Խօսքս կ’ուղղեմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն. նախքան ձեր կառավարութիւններուն ականջ տալը հայերուն նկատմամբ թշնամանքի եւ ատելութեան քաղաքականութիւն ունենալու առումով, առաջին հերթին մտածեցէ՛ք ձեր իսկ անձին մասին: Նախապէս ԱՄՆ-ը խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու խորհրդանիշը կը համարուէր, սակայն, աւա՞ղ, այդ կարգավիճակը կորսնցուցած է, եւ ես չեմ նկատեր երկիր մը, որ իրաւացիօրէն կարենայ այդ խորհրդանիշը դառնալ: Սա յստակօրէն կը նշանակէ, որ ժողովուրդը ինքնորոյն պիտի սորվի փոխել իր կառավարութիւնը, երբ հրապարակաւ զօրակցութիւն կը յայտնեն պատերազմի: Թերեւս Ազրպէյճանի ժողովուրդի առաքինի յատկութիւններով օժտուած խաւը ի ցոյց կը դնէ մեզ այդ ուղին:
Զաւակս՝ Տանը, փոխեց իր մտադրութիւնը եւ մէկ օր ալ մնաց Հայաստան՝ այցելելու Ցեղասպանութեան թանգարանը: (Չեմ հաւատար, որ անոնք Կիրակի եւ Երկուշաբթի օրերը փակ կը պահեն թանգարանը, իսկ շաբթուան միւս օրերը կէսօրէ առաջ 11-էն 4 կը բանան միայն):
Դժուար է պատկերացնել կառավարութիւն մը, որ կ’որոշէ մորթամահ ընել մօտ երկու միլիոն անմեղ մարդ, որոնց կարգին՝ կիներ եւ երեխաներ, սակայն 1915-ին ա՛յդ էր որ ըրաւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը: Սարսափազդու արարք մը, որպիսին է Հայոց ցեղասպանութիւնը, գոյութիւն չունի: Պարզապէս աններելի է Թուրքիոյ կառավարութեան համար, որ կը շարունակէ յամառաբար հերքել այդ զանգուածային ջարդը: Հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ դարերէ ի վեր շարունակուող թշնամական յարաբերութիւնները վերացնելու միակ ուղին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ներողութեան հայցն է Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ: Լոկ այդպիսով կրնայ վէրքը սպիանալ:
Յարգանքս Թուրքիոյ ժողովուրդին… Ես կը կասկածիմ՝ տակաւին կայ ողջ անձ մը, որ մասնակցած ըլլայ ցեղասպանութեան: Ի տարբերութիւն, ինչ կը վերաբերի հայ ժողովուրդին, աշխարհի վրայ չկայ ընտանիք մը, որ սպանդի նման քստմնելի պատմութիւններ ունենայ, ինչպիսին է իմ ընտանիքիս պարագան: Եւ բնական է, որ այս թշնամանքը նոյնպէս շարունակուի սերունդէ-սերունդ, մինչեւ որ Թուրքիոյ այժմու կառավարութիւնը ընդունի իր նախնիներու կազմակերպած ցեղասպանութիւնը եւ անոնց անունով ներողութիւն խնդրէ հայ ժողովուրդին: (Ի միջի այլոց, հազար ամօթ Իրանին, որ տակաւին չ’ընդունիր ու չդատապարտէր Հայոց ցեղասպանութիւնը):
Արդ, ի՞նչպէս կարելի է արհեստագիտականօրէն զարգացած մերօրեայ աշխարհին մէջ դեռեւս ունենալ այսքան աղքատութիւն եւ անուսութիւն: Ակներեւ է, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ հարուստներն ու առաջատար ղեկավարները այսօրինակ ուժեղ դիրք չեն ունեցած ազգամիջեան խաղաղութիւն սերմանելու եւ, ինչու չէ, բարգաւաճում ապահովելու իրենց երկրին մէջ:
Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը փորձէ դիմել «Ինթերփոլ»-ին՝ իմ զաւակս ձերբակալելու, միմիայն Ղարաբաղ այցելելու համար: Ազրպէյճանի ժողովուրդը աւելիին արժանի է: Եթէ կառավարութիւն մը անկարող է ուղղորդելու իր ժողովուրդը, ուստի նոյն ինքն ժողովուրդը պէտք է փոխէ իր ղեկավարները: Ասիկա միայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին չի վերաբերիր, այլ բոլոր կառավարութիւններուն:
Աւարտին ձեզի հետ կը բաժնեմ Ճոն Լենընի «Խաղաղութեան Առիթ Տուէք» երգը: Վիեթնամական պատերազմի ընթացքին ԱՄՆ-ի զինուած ուժերու կողմէ արգիլուած երգերէն մէկը այն միակն էր, որ պէտք էր հնչէր բոլոր դպրոցներէն եւ խորհրդարաններէն ներս, այդ ատեն եւ հիմա:
ՓՈԼ ՊԻԼԶԵՐԵԱՆ
Բնագիրը՝ անգլերէն
Թարգմանեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից