Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Կրեմինկըրը Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Հնարաւորինս Աջակցելու Մինսքի Խումբի Համանախագահներուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեանը Սեպտեմբեր 4-ին ընդունած է ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրը:

Ողջունելով հիւրը՝ խորհրդարանի ղեկավարը ընդգծած է, որ Հայաստանը մեծապէս կը կարեւորէ համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի հետ եւ յոյս յայտնած, որ այցը կը նպաստէ փոխգործակցութեան զարգացման ու խորացման:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Ազգային ժողովի նախագահը կարեւորած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդութիւնը՝ որպէս բանակցային գործընթացի հիմնական ձեւաչափ: «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմքը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումն է», – ըսած է Արա Պապլոյեանը:

Օրէնսդիր մարմինի ղեկավարը մտահոգութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի գործունէութեան կասեցման առնչութեամբ:

Անդրադառնալով ներհայաստանեան իրադարձութիւններուն՝ ԱԺ նախագահը նշած է, որ ներքաղաքական որոշ հարցերու շուրջ աւելի կանուխ մտահոգութիւններ հնչեցուցած էր եւ այդ թեմայի լոյսին տակ ալ իր նախաձեռնութեամբ հանդիպումներ կայացած են երկրի վարչապետի, նախագահի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հետ:

Թոմաս Կրեմինկըրի հետ զրոյցի ժամանակ Արա Պապլոյեան ընդգծած է, որ խնդիրները պէտք է լուծուին սահմանադրութեան գերակայութեան պահպանմամբ եւ աւելցուցած, որ լուծումներուն ուղղուած քաղաքական համաձայնութեան պէտք է գալ քաղաքական համապատասխան քննարկումներու մթնոլորտի մէջ:

Թոմաս Կրեմինկըր, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, ընդգծած է, որ այցի նպատակն է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան ընդլայնումն ու ամրապնդումը: Կրեմինկերը նշած է, որ թէեւ ԵԱՀԿ-ի հայաստանեան գրասենեակը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը, սակայն կազմակերպութիւնը պիտի շարունակէ բոլոր հաւանական ձեւերով յառաջ մղած է Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը:

ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղարը, կարեւորելով Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ /ԺՀՄԻԳ-ի միջեւ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, նշած է, որ վերջինս պատրաստակամ է Հայաստանին օժանդակելու ընտրական բարեփոխումներու գործընթացին մէջ:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումի մասին՝ Թոմաս Կրեմինկերը փաստած է, որ իբրեւ ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար՝ պատրաստակամ է հնարաւորինս աջակցելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն:

Զրուցակիցները անդրադարձած են կաշառակերութեան դէմ պայքարին, տարածաշրջանային խնդիրներուն, երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին