«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը առաւելագոյն դիւրութիւնը կ’ընձեռէ կառավարութեան կազմաւորման մէջ հաստուած փակուղին վերացնելու եւ յառաջ մղելու ձեւաւորման գործընթացը: Այս մասին կը յայտնէ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ղասսան Հասպանի Չորեքշաբթի «Ազատ Լիբանան» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:
ԼՈ-ի պաշտօնատարը ըսաւ, որ նախարարաց խորհուրդի պաշտօնէութեան վերաբերեալ առկայ են զանազան նախագիծեր, որոնք ընդունուած չեն նախագահ Միշէլ Աունի կողմէ, որ, յիրաւի, որոշ երկբայութիւն դրսեւորած է Հարիրիի ներկայացուցած վերջին նախագիծին առնչութեամբ:
«Իբրեւ ԼՈ՝ մենք առաւելագոյն դիւրութիւնը ընձեռած ենք կառավարութեան կազմաւորման անարգել իրագործման համար՝ պահպանելու Լիբանանի ընդհանուր կայունութիւնը եւ երաշխաւորելու պետութեան կազմակերպուած գործունէութեան հնարաւորինս արագ վերասկսումը»,- ըսաւ Հասպանի, որ, ի միջի այլոց, ներկայիս կը զբաղեցնէ միառժամանակ փոխվարչապետի պաշտօնը: «Սակայն ակնբախ է որոշ կողմերու մտադրութիւնը: Անոնք չեն ուզեր յառաջ մղել կառավարութեան կազմաւորումը ու տակաւին կը յամենան ընդունելու խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները»,- ըսաւ Հասպանի: