«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ Ազրպէյճանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնին առաջադրած է Ըրլ Լիցենպերկերի թեկնածութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ Սպիտակ տան պաշտօնական կայքը:
Լիցենպերկերը ներկայիս կը զբաղեցնէ ԱՄՆ պետական գերատեսչութեան քաղաքական ու ռազմական յարաբերութիւններու պիւրոյի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնը:
Աւելի կանուխ, ան դիւանագիտական պաշտօններ զբաղեցուցած է ՆԱԹՕ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի, Սերպիոյ եւ Ղրղզիստանի մէջ: Ան կը տիրապետէ ֆրանսերէնին, ռուսերէնին, սերպերէնին եւ պուլկարերէնին:
Այլ երկիրներու մէջ ԱՄՆ դեսպաններու թեկնածութիւնը կ’առաջադրէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը, զայն կը հաստատէ ծերակոյտը: