Լոռիի մարզի Վանաձոր, Ստեփանաւան եւ Ալավերդի քաղաքներուն մէջ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ բացուեցաւ չորս նոր ձեռնարկատիրութիւն: Բոլոր ձեռնարկութիւնները իրենց գործունէութիւնը սկսած են Եւրոմիութեան եւ ՀՀ կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ «Հայաստանի Փոքր և միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման ազգային կեդրոն» (Հայաստանի ՓՄՁ ԶԱԿ)-ի եւ անոր գործընկերներուն կողմէ իրականացուող «Տարածաշրջանային ՓՄՁ-ներու մրցունակութեան խթանումը» ծրագրի ծիրէն ներս:
Apitourism եւ մեղուաբուժութիւնը (apitherapy) նորոյթ են Հայաստանի համար: Մեղուներու միջոցով բուժումներ իրականացնելու նպատակով Վիգէն Մնացականեան Ալավերդի քաղաքին մէջ հիմնեց իր գործըբ` ԱրմԲի-ն:
Վանաձորի մէջ բացուած «Գանձակ» արագ սնունդի եւ հացաթխելու վայրի սեփականատեր Ռուզաննա Հայրապետեան նոր գործը հիմնած է իր ընտանիքին պատկանող չգործող նախկին կահոյքի սրահին մէջ:
Արման Առաքելեանը Լոռիի մարզի Ստեփանաւան քաղաքին մէջ հիմնած է «Լոռէ» ՍՊԸ-ն, որ պիտի մատուցէ հիւրընկալութեան ծառայութիւններ` նախատեսուած եւ աշխոյժ, եւ կրաւորական հանգիստի սիրահարներու համար: Լոռէն աշխոյժ զբօսաշրջութեան սիրահարներուն պիտի առաջարկէ ոչ միայն արգելքներով պատ, այլեւ զիփլայն եւ այլ արկածային եւ ծայրայեղ (extremal) զբօսաշրջային ծառայութիւններ:
Իսկ նոյն Ստեփանաւանի մէջ բացուած եւս մէկ հիւրատան սեփականատէրն է Համլետ Թումասեանը: Ան ԵՄ աջակցութեամբ կազմակերպուած գործարար դասընթացքին մասնակցելէ ետք ստացած վարկային եւ դրամաշնորհային միջոցներով աւարտին հասցուցած է շինարարական եւ բարեկարգման աշխատանքները եւ ձեռք բերած անհրաժեշտ կահոյքը, նաեւ տեղադրած է փոքրիկ արեւային կայան: Համլէտը իր ընտանեկան հիւրատան մէջ պիտի առաջարկէ նաեւ պտոյտներ, հեծանիւային արշաւներ, ձիավարութիւն եւ այլն:
Նշուած չորս նորաբաց Փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններն արդէն ստեղծած են ինը նոր աշխատատեղ, եւ առկայ է աւելացման միտում: