Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը կանչուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր յանձնած են նախարարութեան բողոքագիրը` ուղղուած ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան` ԱՄՆ քաղաքացի Տէն Պիլզերեանի` Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան առնչութեամբ: Ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի՝ այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմեթ Հաճիեւը:
Ըստ Հաճիեւի` ներկայացուած է, թէ Պիլզերեանը Ղարաբաղի մէջ զբաղած է «անօրինական վարչակարգ»ի քարոզչութեամբ, «հակաիրաւական ճանապարհով ձեռք բերած է հրազէն եւ սադրիչ նպատակներով ցուցադրական կրակ բացած Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու դիրքերուն ուղղութեամբ»:
Նշուած է նաեւ, որ ԱՄՆ-ի քաղաքացի հանդիսացող այդ անձի` տեսախցիկի առջեւ «սանձարձակ եւ անկիրթ յայտարարութիւնները կը վնասեն Ատրպէյճանի ու ԱՄՆ-ի միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւնների ոգիին»:
Ատրպէյճանցի պաշտօնեային խօսքերով` ատրպէյճանական կողմը կ՛ակնկալէ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ամենայն լրջութեամբ պիտի մօտենայ Պիլզերեանի գործողութիւններու առնչութեամբ իրենց մտահոգութեան:
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 31-ին մամուլի ասուլիսի ժամանակ Հաճիեւը յայտարարած էր, որ Պիլզերեան պիտի ընդգրկուի Ատրպէյճանի ԱԳՆ «անցանկալի անձերու ցուցակ»ին մէջ, իսկ Օգոստոս 30-ին Ատրպէյճանի Գլխաւոր դատախազութեան քննչական վարչութիւնը քրէական գործ յարուցած է Պիլզերեանի նկատմամբ: