«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն Չորեքշաբթի ընդունեց արհեստագիտական վարժարաններէ շուրջ 400 շրջանաւարտ, որոնց անպատճառ խոստացաւ աշխատանքային բազմապիսի հնարաւորութիւններ ստեղծել եւ դիտել տուաւ. «Լիբանանի մէջ արտադրական եւ շինարարական ոլորտները չեն զարգանար, եթէ երիտասարդները չմասնակցին այդ արդիւնաւէտ աշխատանքին»,- նախագահական գրասենեակի կատարած յայտարարութեան մէջ մէջբերուած է նախագահի խօսքը:
Հանդիպումէն ետք արհեստագիտական եւ գիտարուեստական կրթութեան գլխաւոր տնօրէն Սալամ Եունէս առաջարկեց մասնաւոր հատուածի հետ համագործակցելու երկարաժամկէտ համակարգ մը՝ ուսումնասիրելու տեղական աշխատաշուկայի պահանջները եւ ըստ այնմ համապատասխանեցնելու արհեստագիտական կրթութեան: