«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանի հանրապետական թմրաբանական բժշկական հիմնարկի փոխանցմամբ՝ 2017-ին երկրին մէջ գրանցուած է 30 հազար թմրամոլ:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական azadliq.info լրատուական գործակալութիւնը:
Ազրպէյճանի առողջապահութեան նախարարութեան փոխանցմամբ՝ երկրի ընկերային ամենալուրջ խնդիրը համարուող թմրամոլութիւնը օրէ-օր կ’ահագնանայ:
Հաղորդուող տուեալներու համաձայն՝ ամենաշատ թմրանիւթ օգտագործողները 18-25 տարեկան երիտասարդներն են, գրանցուած թմրամոլներու մէջ կան նաեւ անչափահասներ:
Թմրաբանական բժշկական հիմնարկի տուեալները կը փաստեն նաեւ, որ վերջին երկու տարուան ընթացքին թմրամոլութիւնը լայն տարածում ստացած է կանանց մօտ:
Ազրպէյճանի թմրանիւթերու չարաշահման եւ ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի պետական յանձնաժողովի փոխանցմամբ` պաշտօնապէս գրանցուած թմրամոլներէն 5-ը անչափահասներ են, 612-ը` կանայք: 2017-ին առաջին երեք ամսուան ընթացքին Հանրապետական թմրաբանական կեդրոնէն ներս բուժում ստացած է 833 մարդ, որոնցմէ 308-ն բուժում ստացած է ալքոհոլային կախուածութենէ, 519-ը` թմրանիւթերէ: Ազրպէյճանի մէջ կ’աճի նաեւ երիտասարդական թմրամոլութեան մակարդակը` 2016-ի դրութեամբ գրանցուած 29 հազար 448 թմրամոլներու 60-70 տոկոսը կը կազմեն երիտասարդները: