«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը կը վստահեցնէ, որ «Երեւան» հիմնադրամի մէջ չարաշահումներու գործով պիտի հարցաքննուի նաեւ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Տարոն Մարգարեանը: Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան 27-ամեակի միջոցառումի աւարտէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Արթուր Վանեցեանը ընդգծեց, որ Տարոն Մարգարեանը հաստատ պիտի հարցաքննուի:
«Հարցաքննութեան օրը կ’որոշէ քննչական խումբը: Քննչական խումբի ղեկավարը ինքը կ’որոշէ, երբ կը հրաւիրէ հարցաքննութեան»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ ընդգծեց ՀՀ ԱԱԾ տնօրէնը:
Ան աւելցուց, որ նպատակայարմարութիւնը կ’որոշէ քննչական խումբը, իսկ քննչական խումբի գործողութիւններուն ինքը չի միջամտեր:
Յունիս 13-ին յայտնի դարձած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ հաղորդում ստացուած է ՀՀ քաղաքացիներ Վ.Գ.-էն եւ Ա.Խ.-էն, որ Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնատար անձինք, կառուցապատման եւ գոյքի ձեւակերպման համապատասխան թոյլտուութիւններ տրամադրելու դիմաց, բացի օրէնքով սահմանուած վճարումներէ, իրենց պարտադրած են «Երեւան» հիմնադրամին փոխանցած մեծ չափերով գումարներ:
Նիւթերու նախապատրաստման ընթացքին պարզուած է, որ վերոնշեալ պատրուակով առձեռն ստացուած գումարներու մէկ մասը հիմնադրամի հաշուեհամարչէ մուտքագրուած եւ յափշտակուած է:
Յանցագործութեան մասին հաղորդումներու հիման վրայ ՀՀ ԱԱԾ քննչական վարչութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 308-րդ յօդուածի 2-րդ մասի («Պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելը, որ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ») եւ 178-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1.1 կէտի («Պաշտօնական դիրքը օգտագործելով կատարուած խարդախութիւն») յատկանիշներով:
Երեւանի քաղաքապետարանի վարչական շէնքին մէջ տեղակայուած «Երեւան» հիմնադրամի աշխատասենեակներէն ներս քրէական գործով կատարուած են խուզարկութիւններ: Կ’իրականացուին ռազմա-հետախուզական լայնածաւալ միջոցառումներ եւ քննչական գործողութիւններ` քաղաքացիներէն գումարներու հաւաքագրման հանգամանքները, ծախսերու ուղղութիւնները եւ նպատակայնութիւնը, ինչպէս նաեւ օրինականութիւնը պարզելու ուղղութեամբ: