Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ 2002-2003 ԵՒ 2004-2005 ԿԱԶՄԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկը, իր պասքեթպոլի  դպրոցին շնորհիւ, վառ   կը պահէ անցեալի   փայլուն աւանդութիւնները:  ՀԵԸ Անդրանիկի  տարիքային դպրոցի  խումբերը,  փորձառու  մարզիչներու  հսկողութեան տակ, նոր աւիւն  եւ  եռանդ կը հաղորդեն   բարձրագոյն  խումբերու ախոյեանութեան  մասնակցող  ՀԵԸ-ի տղոց եւ աղջկանց կազմերուն:

  Շաբաթ, 25  Օգոստոս 2018-ի առաւօտեան, ՀԵԸ Անդրանիկի պասքեթպոլի  2002-2003 եւ 2004-2005 տարիքային  զոյգ խումբերը, գլխաւոր մարզիչ  Յարութ  Գուզուճեանի գլխաւորութեամբ  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան  կեդրոնէն  մեկնեցան Պէյրութի   միջազգային  օդակայանը,  եօթնօրեայ   շրջապտոյտ մը  կատարելու Հայաստանի մէջ:

 Երեւանի   Զուարթնոց  միջազգային օդակայանին մէջ   մեր  պասքեթպոլիստներուն դիմաւորեց  ՀԵԸ-ի պասքեթպոլի կազմերու  ընդհանուր պատասխանատու  Թոնի Ճունթոյեանը: Մեր պատանիները  օթոպիւսով   ՀԲԸՄ-ի  Կարապետեան կեդրոն առաջնորդելէ եւ   տեղաւորելէ  ետք,  ընթրեցին  եւ զբօսնեցան  Երեւանի  արուարձաններուն  մէջ:

  Յաջորդող օրերուն մեր պատանիները   այցելեցին  հայոց պատմութեան եւ մայրենի լեզուի  դասագիրքերէն  ծանօթացած վայրերը: Հարազատ աչքերով տեսան  Սուրբ Էջմիածինը, Սարդարապատը, Խոր Վիհրապը,  Սեւանայ Լիճը, Ծաղկաձորը, Գառնին եւ Գեղարդը,  զանազան յուշարձաններ, պատմամշակութային կեդրոններ: Բարձրացան  Արագածը եւ դիտեցին   հայրենի  բնութիւնը:  Յատկանշական էր  Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը, ուր յանուն  ՀԵԸ Անդրանիկի պասքեթպոլի դպրոցին,  ծաղկեպսակ զետեղեցին  Հայոց Ցեղասպանութեան    նահատակներու  յուշարձանին  առջեւ:

Շրջապտոյտներուն  կողքին  մեր պասքեթպոլիստները հետեւեցան  մարզումներու եւ  կատարեցին   բարեկամական երեք մրցումներ, արձանագրելով երկու յաղթանակ: Հայրենի մարզասէրներուն առջեւ  մեր  պատանիներուն ձեռք բերած փորձառութիւնը վստահաբար դրական ներազդեցութիւն պիտի ունենայ  Լիբանան վերադառնալէ ետք, մրցակից խումբերու դէմ իրենց խաղամակարդակին վրայ:   

 Չորեքշաբթի, առաւօտեան   մեր պասքեթպոլիստները այցելեցին  ՀԲԸՄ-ի Երեւանի գրասենեակը:  ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի նախագահ եւ  Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վազգէն Եագուպեան եւ    Հայաստանի մէջ, ՀԲԸՄ-ի   արտասահմանի երիտասարդական  ծրագիրներու  համադրող-պատասխանատու՝ Հերմինէ Տիւզեան, հայրենիքի  մէջ  հաճելի կեցութիւն մաղթեցին մեր երիտասարդ  մարզիկներուն եւ  ծանօթացուցին  ՀԲԸՄ-ի  ծաւալած  գործունէութեան: Ուրախ  պատեհութեամբ մը,  վերջերս   Էւերեսթ  լեռը մագլցած եւ   Մարսէյէն  քայլարշաւով  Երեւան   ժամանած  ՀԵԸ-ական Արա Խաչատուրեան ներկայ գտնուելով   սոյն ընդունելութեան,  մեր մարզիկներուն   օրինակներ փոխանցեց   իր հարուստ  փորձառութենէն  եւ  յաջորդող օրերուն ընկերակցեցաւ մեր պասքեթպոլիստներուն:

   Ժամանակը սահեցաւ եւ եօթնօրեայ  շրջապտոյտը    հասաւ իր աւարտին: Մեր պատանիները  հայրենի հողին  ջերմութեամբ  յագեցած վերադարձան  Լիբանան:

  Այս առիթով, գնահատանքի եւ երախտիքի խօսք ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, որ՝առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ    նշանաբանով,  ոչ մէկ  ջանք կը խնայէ    մեր պատանիներուն ջամբելու  հայեցի  դաստիարակութիւն, յանուն պասքեթպոլի բարի աւանդութիւններուն շարունակութեան:

 

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին