«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Երեքշաբթի իր նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար, տեղեկատուական նախարարի պաշտօնակատար Մըլհեմ Ռիաշիի հետ՝ նախագահ Միշէլ Աունին նախարարաց խորհուրդի կազմին վերաբերեալ նախագիծը ներկայացնելէ մէկ օր ետք:
Հանդիպումի ընթացքին բանակցորդները շօշափեցին նոր կառավարութեան կազմաւորման ուղղութեամբ Հարիրիի ի գործ դրած ջանքերուն մէջ վերջին զարգացումները:
Նշենք, որ աւելի կանուխ, նախագահութեան գրասենեակի հրապարակած յայտարարութեան համաձայն՝ Աուն որոշ դիտարկումներ ունեցած է Հարիրիի ներկայացուցած նախագիծին վերաբերեալ, եւ ըսած, որ Հարիրիի հետ խորհրդակցութիւնները նոյն թափով պիտի շարունակուին՝ նախարարաց խորհուրդի կազմութեան հարցը վերջանակապէս լուծելու համար: