Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք զուիցերիացի մարդասէրներու շարքին Բաբա Քիւնցլէր կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ մարդասիրական ծառայութեան ծիրէն ներս, յատկապէս Լիբանանի մէջ։ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Բաբա Քիւնցլէրի գիւղին մէջ (Զուիցերիա) ներկայ եղած էր ի յարգանս անոր համար կազմակերպուած ցուցահանդէսին եւ իր խօսքը ուղղած։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան հետ համատեղ, Բաբա Քիւնցլէրին նուիրուած յատուկ ցուցահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիսներուն՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Ցուցահանդէսին ներկայ պիտի ըլլան մեր համայնքի զաւակներուն առընթեր Զուիցրիայէն պաշտօնական անձնաւորութիւններ։
Յիշեալ ցուցահանդէսին կազմակերպման գծով այսօր՝ Երեքշաբթի, 4 Սեպտեմբեր 2018-ին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ աշխատանքային հանդիպում մը Զուիցերիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչներուն եւ նախապատրաստական յանձնախումբի անդամներուն՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեանի եւ Պերճ Արապեանի միջեւ։ Վերջինս նաեւ անդամ է լիբանանեան եւ զուիցերիական գործարարներու միութեան վարչութեան։