«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պաշտօնատար անձինք յոյսով են, որ հնգամեայ ծրագիրը անկիւնադարձային պիտի ըլլայ Լիբանանի տնտեսական անյուսալի գոյավիճակին համար: Երեքշաբթի այդ ծրագիրը ներկայացուեցաւ ընկերա-տնտեսական խորհուրդին, ուր տնտեսագէտները բարձրաձայնեցին նոր կառավարութեան շուտափոյթ կազմաւորման հրամայականը՝ անհրաժեշտ բարեփոխումները իրականացնելու համար:
Յայտնենք, որ Յուլիսին ԱՄՆ-ի մէջ McKinsey & Company խորհրդատուական ձեռնարկութիւնը Լիբանանին ներկայացուց լայնածաւալ, երկարաժամկէտ ծրագիր մը, որ կը նպատակադրէ զանազանակերպել եւ արդիականացնել Լիբանանի տնտեսութեան արդիւնաւէտ ոլորտները, ինչպիսիք են՝ կանեփի մշակումը եւ արժէքաւոր մշակաբոյսերու պարունակը, օրինակ՝ աւոքատօն:
«Այսօր ամբողջական ծրագիրը ներկայացուեցաւ ընկերա-տնտեսական խորհուրդի անդամներուն: Այնուհետեւ պիտի ներկայացուի նախարարաց խորհուրդին, երբ նոր կառավարութիւնը կազմաւորուի»,- տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռաըտ Խուրի ըսաւ մամլոյ հեռարձակուող ասուլիսի ժամանակ, ուր ներկայ էր նաեւ խորհուրդի նախագահ Շառլ Արպիտը: