Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Երեւանի Քաղաքապետի Եւ Աւագանիի Ընտրութիւն

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Երեւանցիի քուէարկելու սովորութիւնները լաւ չգիտնալու գիտակցութեամբ, բայց անոր ակնկալութիւնները դիտելով եւ լսելով, կը գրուին այս տողերը:

            Երեւանը, հաւանօրէն նաեւ ամբողջ Հայաստանը ընտրական հեւքի մէջ են, Երեւանի քաղաքապետը եւ աւագանին ընտրելու համար: Փորձեցի լրիւ ցանկը ունենալ բոլոր թեկնածուներուն, բայց այդ կարելի չեղաւ: Անոնք բազմաթիւ են:

            Ընտրութենէն առաջ լաւ պիտի ըլլար տեղեկագիր մը ունենալ քաղաքապետարանի կատարած եւ կատարելիք աշխատանքներուն մասին: Այսինքն, նոր կառուցուող կամ վերանորոգուող շէնքերու կողքին գրուած «Աւելի բարեկարգ Երեւան» խօսքը լրացնելու համար, պիտի խօսուի՞, թէ ի՞նչ են այն կարիքները, որոնց բաւարարումով Երեւանը կ’ըլլայ աւելի բարեկարգ:

            Քաղաքապետը յանձնառու պիտի ըլլա՞յ չափաւորելու Երեւանի մէջ ընթացող վայրագ կառուցապատումը, որ կը ձեւազեղծէ քաղաքը, առանց նկատի ունենալու կեանքի որակը եւ ապահովական պայմանները: Քաղաքի կեդրոնական մասը վերածելով Մանհաթանի, տեղափոխութեան-շրջագայութեան թնճուկ պիտի ստեղծուի ե՛ւ ինքնաշարժներուն ե՛ւ քալելով տեղափոխուող քաղաքացիներուն համար, յառաջացնելով նաեւ օդի ապականում: Քաղաքապետի պաշտօնին թեկնածուներու համար հիմնական օրակա՞րգ է քաղաքի եւ բնակչութեան պաշտպանութիւնը հիւանդութիւններու, վթարներու եւ հրդեհներու դէմ: Ի՞նչ պէտք է ընել բնակուած մեծ շէնքերու կողքին բուսած անհամար եւ իրարու կպած բազմաթիւ վառելանիւթի կայաններուն համար, որոնց մայթերէն փողոց կը հոսին լուացուած մեքենաներու աղտոտ ջուրը եւ այրած իւղը, որոնցմէ մէկուն հրդեհը կրնայ տարածուիլ միւսին եւ ամբողջ թաղամասերուն: Պէտք է խօսիլ նաեւ անոնց համատեղ ներկայութեամբ ապականուող օդի եւ աղմուկի մասին: Աղմուկն ալ ապականութիւն է: Այդ կայանները յաճախ բազմայարկ շէնքերէն քանի մը մեթր անդին կը գտնուին:

            Ինչպէ՞ս արտօնուած է այդ վառելանիւթի կայաններու հաստատումը բազմայարկ շէնքերու կողքին:

            Այսինքն ժամանակակից քաղաքակրթութեան պատշաճող թամանեանական նոր քաղաքաշինական ծրագրում, urbanisme, պիտի առաջադրուի՞: Այդ ծրագրին մէջ ի՞նչ լուծում պիտի գտնէ հանրային փոխադրամիջոցներու որակի բարելաւումը, կանոնաւորումը, հանգստաւէտութիւնը եւ ապահովութիւնը: Նախարարներ եւ քաղաքապետ կը պատահի՞ որ սպասեն եւ փոխադրուին մարշրութքաներով, որոնց մէջ կը խցկուին մարդիկ եւ յաճախ ոտքի կը մնան երկուքի ծալուած, նոյնիսկ եթէ ճակատագրապաշտի պէս վարժուած են կացութեան: Եթէ հանրային փոխադրամիջոցները կազմակերպուին եւ ունենան յաւելեալ որակ, կը կանխուին նաեւ մեծ քաղաքի յատուկ խնդրայարոյց խճողումները: Անկախաբար կուսակցական նախասիրութիւններէ եւ թեքումներէ, թեկնածուները պէտք է խօսին ժողովուրդի կենցաղային կարիքներու բաւարարման մասին,- աղբի, աղմուկի, ինքնաշարժներու կայանատեղիներու, բնակութեան վայրերու կցուած վառելանիւթի վաճառքի կեդրոններու, ինքնաշարժներու մէջ վարորդներու սովորութիւն դարձած ծխախոտի եւ բջիջայինի գործածութեան եւ այլ հարցերու մասին:

            Քաղաքը կեանքի վայր է, ուր առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ նոյն այդ կեանքի որակի պաշտպանութիւնը, տեսութիւններէ եւ քաղաքական կողմնորոշումներէ առաջ:

            Առաջադրուած բազմաթիւ թեկնածութիւնները եւ բոլոր կուսակցութիւններու անուններն անգամ յիշելու դժուարութեան առջեւ կանգնած քաղաքացին, այսպէս թէ այնպէս պիտի ընտրէ ըստ աւանդական կապերու կամ թատերական ներկայացումներու տպաւորութեան: Անհատներու եւ կուսակցութիւններու անուններու խճողումը կը դժուարացնէ քաղաքացիին ընտրութիւնը:

            Իսկ «այլընտրանք չկայ եւ ես կամ» ըսելով յայտարարութիւն կատարել մարտահրաւէր է, որուն հետեւանքները կրնան անհաճոյ ըլլալ յուսադրուած ժողովուրդին համար, աւելին չըսելու համար: Եւ հետագային կը գումարուին բարդութիւնները եւ կրկին կը կանգնինք այսինչը կամ այնինչը յանցաւոր եւ պատասխանատու համարելու կրկնուող անվերջանալի վէճերու համար:

            Ժողովուրդը քուէատուփ պիտի երթայ՝ առանց լուսաբանուած ըլլալու, առանց գիտնալու թէ քաղաքապետը, ով որ ըլլայ ան, ի՞նչ պիտի ընէ:

            Այս պարագային քուէարկութիւնը պիտի նմանի սպիտակ էջի վրայ գրուած եւ տրուած լիազօրութեան, որ ոչ ժողովրդավարութիւն է, ոչ իմաստութիւն եւ ոչ ալ վստահութիւն:

 

                     Երեւան       

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին