Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Անիկա Անձնական Յարաբերութիւններու Խնդիր Է. Նիկոլ Փաշինեան Անդրադարձած Է Փութինի՝ Ռոպերթ Քոչարեանին Յղած Շնորհաւորանքին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին շատ կը գնահատէ եւ կապեր կը պահպանէ աշխարհի տարբեր երկիրներու ներկայ եւ նախկին ղեկավարներուն հետ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ արդեօք քաղաքական ենթիմաստ կա՞յ Վլատիմիր Փութինի՝ ՀՀ երկրորդ նախագահ Քոչարեանին շնորհաւորանքին մէջ, այս մասին նշեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Իր խօսքով` անիկա անձնական յարաբերութիւններու խնդիրն է:

«Հասցնելով ճանաչել Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահին՝ կարող եմ ասել, որ ինքը մարդկային կապերը շատ է գնահատում եւ կապեր պահպանում աշխարհի տարբեր երկրների ներկայ եւ նախկին ղեկավարների հետ: Դուք տեսէք, որ չնայած Եւրամիութեան հետ բաւականին խնդրայարոյց յարաբերութիւններ ունեն, բայց նա մասնակցեց աւստրիացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի հարսանեաց արարողութեանը, ինչը նշանակում է, որ մարդկային կապերը նրա համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեն»,- ըսաւ Փաշինեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին