«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանի հաշուիչ պալատի «2018-ի Յունուար-Յունիս ամիսներու հիմնական մանրատնտեսական ցուցանիշներու վերլուծութիւնը եւ պիւտճէի չափորոշիչները» փաստաթուղթի համաձայն՝ երկրի պետական պարտքը գերազանցած է 10 միլիառ տոլարը:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը:
Փաստաթուղթը կը ներառէ Ազրպէյճանի արտաքին եւ ներքին պարտքերու վիճակագրութիւնը:
Վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ Յուլիսի ամսուան սկիզբը միայն Ազրպէյճանի վարկային համաձայնագիրերու հիման վրայ օգտագործուած վարկերու գծով արտաքին պարտքը կազմած է 9.5 միլիառ տոլար:
2018-ի 6 ամսուան ընթացքին այս երկրի արտաքին պարտքը աճած է 1.1 տոկոսով:
Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ մօտակայ երեք տարուան ընթացքին նուազեցնել պետական պիւտճէի ծաւալը: Այդ մէկը կը կանխատեսուի այդ երկրի նախագահի`«Ազրպէյճանի պետական պիւտճէի կառավարման վերաբերեալ միջին եւ երկար ժամկէտի համար ռազմավարութեան» հաստատման մասին հրամանագիրով, ըստ որուն՝ 2019 թուականին պետական պիւտճէի եկամուտները պէտք է կազմեն 18 միլիառ 790.7 մլն մանաթ, ծախսերը` 18 միլիառ 919.7 մլն մանաթ: