Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Բ. թագաւորին անունը կրող միջկրօնական յարաբերութիւններու կեդրոնը Վիեննայի մէջ հաստատուած, վերջին երկու տասնամեակներուն կարեւոր դեր կը կատարէ միջազգային մակարդակի վրայ միջկրօնական յարաբերութեան ու գործակցութեան զարգացման տեսակէտէն։ Անոր աշխատանքին մաս կը կազմեն զանազան մարզերու մասնագէտներ ու աշխատակիցներ՝ տարբեր կրօնները ներկայացնող։
Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան բնագաւառը յիշեալ կազմակերպութեան համար միշտ կը մնայ առաջնահերթութիւն։ Այս ծիրէն ներս ան կը շարունակէ կազմակերպել համագումարներ, «սեմինարներ» ու մասնագիտական դասընթացքներ։ Կազմակերպութիւնը մօտէն կը գործակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ եւ յաճախակի առիթներով անոր ընդհանուր քարտուղարն ու բարձրաստիճան պատասխանատուները խորհրդակցութիւն կ՚ունենան վեհափառ հկայրապետին հետ՝ KAICIID-ին առնչուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նաեւ իր ներկայացուցիչներուն ճամբով հետեւողական մասնակցութիւն կը բերէ կազմակերպութեան, յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած աշխատանքներուն։
Յայտնենք, որ շուրջ տարի մը առաջ, Նորին Սրբութիւնը դասախօսութիւն տուած էր Վիեննայի մէջ KAICIID-ի կազմակերպած միջկրօնական միջազգային համագումարին եւ անոր առած որոշումներուն լոյսին տակ, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը ամրապնդելու կոչուած գործադիր մարմին մը ստեղծուած էր։ Յիշեալ Գործադիր մարմինը, որուն մաս կը կազմէ մեր Ս. Աթոռին կողմէ դոկտ. Ժան Սալմանեան, իր առաջին հանդիպումը ունեցած էր Ամմանի մէջ եւ երկրորդ հանդիպումը ունեցաւ, անցնող երեք օրերուն, Պէյրութի մէջ։
25 անձերէ բաղկացած յանձնախումբը, երէկ առաւօտ՝ Երկուշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2018-ին, ներկայացաւ վեհափառ հայրապետին նախ իր աշխատանքներուն արդիւնքը ներկայացնելու եւ ապա ունենալու անոր տեսակէտը։ Շուրջ երկու ժամ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութեան եւ համագումարի մասնակիցներուն միջեւ, որուն ընթացքին, ընդհանուր գիծերով, վեհափառ հայրապետը պարզեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան գծով իր մօտեցումները, յատկապէս վերջին շրջանին տեղի ունեցած նոր զարգացումներու լոյսին տակ։ Ան նաեւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը գնահատեց KAICIID-ին կատարած բոլոր աշխատանքները։