«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Երկուշաբթի Այն Ալ Թինէի իր նստավայրին մէջ պաղեստինեան խմբակցութիւններու հետ հանդիպումէ ետք կոչ ըրաւ Արաբական լիկայի հանդիպումի՝ ֆինանսաւորելու ՄԱԿ-ի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պաղեստինեան գաղթականներու հարցերով օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութեան: Այս մասին կը տեղեկանանք խորհրդարանի կողմէ կատարուած յայտարարութենէն: Խորհրդարանի նախագահի այս յայտարարութեան տուն տուող պատճառը ԱՄՆ-ի՝ տուեալ գործակալութեան յատկացուցած ֆինանսաւորումը դադրեցնելու որոշումն է:
«Մենք անհրաժեշտ դրամագլուխը ունինք պաղեստինեան ժողովուրդին աջակցելու՝ կայունութեան եւ ապահովութեան հասնելու նպատակով»,- յայտարարութեան մէջ մէջբերուած է Պըրրիի խօսքը:
«ԱՄՆ-ի որոշումները, սկսած դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու որոշումէն, հասնելով UNRWA ի ֆինանսաւորումի խափանումին, ուղղուած են վերացնելու պաղեստինցիներու տունդարձի իրաւունքը եւ չեղարկելու պաղեստինեան պարագան»,- ըսաւ Պըրրիի: