«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Շաբաթ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարին կոչ ըրաւ աջակցելու սուրիացի գաղթականներու անվտանգ տունդարձին եւ դիմագրաւելու այն խոչընդոտները, որոնք կը կանխեն իրենց կամաւոր վերադարձը:
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլի եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփփօ Կրանտի միջեւ հանդիպումէ ետք, վերջինս բարձրաձայնեց «լիբանանեան դիրքորոշումի իր հասկացողութիւնը»: Այս մասին կը տեղեկանանք Պասիլի գրասենեակի կատարած յայտարարութենէն:
Պասիլը նաեւ կոչ ըրաւ համատեղ համակարգ ստեղծելու գործակալութեան եւ Լիբանանի միջեւ՝ գաղթականներու ապահով, կամաւոր վերադարձի պահանջներու բաւարարման համար: Նախարարը նշեց, որ գաղթականներու վերադարձի իրագործման համար անհրաժեշտ է քայլ առ քայլ ծրագիր՝ հիմնուած Սուրիոյ մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն վրայ: