Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Կը Մասնակցի ՄԻԵԴ Վճիռներու Կատարման

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի նախաձեռնութեամբ եւ Եւրոպայի խորհուրդի աջակցութեամբ Երեւանի մէջ նախաձեռնուած են խորհրդակցութիւններ՝ կապուած զինծառայողներու իրաւունքներուն, կեանքի իրաւունքի եւ խոշտանգումներու արգելքին առնչուող Հայաստանի վերաբերեալ ՄԻԵԴ վճիռներու կատարման հետ: ՄԻԵԴ վճիռներու կատարման Հայաստանի մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութեան մասնակցութիւնը միջազգային լաւագոյն փորձի օրինակ է եւ այդ գործին մէջ Պաշտպանի մասնակցութիւնը կ’իրականացուի՝ համագործակցելով պետական համակարգի ու քաղաքացիական հասարակութեան գործընկերներու հետ: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինէն:

Եւրոպայի խորհուրդի երեւանեան գրասենեակի կողմէ իրականացուող «Զինուած ուժերու մէջ մարդու իրաւունքներու եւրոպական չափանիշներու կիրարկման ամրապնդումը Հայաստանի մէջ» ծրագիրի ծիրէն ներս կազմակերպուած միջոցառումին բացման խօսքով հանդէս եկած են ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը եւ Եւրոպայի խորհուրդի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Նաթալիա Վութովան: Միջոցառումը կազմակերպուած է նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի Գոփենհակենի 2018 թուականի հռչակագիրի կատարման ծիրէն ներս: Քննարկումին մասնակցած է նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռներու կատարման գերատեսչութեան ներկայացուցիչ Վահէ Դեմիրճեանը:

«Ներկայիս Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին մէջ կը նախապատրաստուի յատուկ դիրքորոշում, որ կապուած է զինծառայողներու իրաւունքներու հարցով Հայաստանի վերաբերեալ ՄԻԵԴ վճիռի կատարման հետ: Անիկա կը ներկայացուի Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին: Այս թեմային լոյսին տակ այսօրուան քննարկումը ուղղուած է աշխատակազմի կարողութիւններու ամրապնդման»,- նշած է Արման Թաթոյեանը:

Խորհրդակցութեան ժամանակ Պաշտպանի աշխատակազմին ներկայացուած են ՄԻԵԴ վճիռներու կատարման ընթացակարգը եւ այդ գործընթացին մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութեան մասնակցութեան առանձնայատկութիւնները:

Յիշեցնենք, որ վերջերս Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը հաստատած է ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի միջնորդութիւնը, եւ Պաշտպանը ներգրաւուած է երրորդ կողմ Յակոբեանը ընդդէմ Հայաստանի գործով, ինչը մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութեան կողմէ միջազգային փորձի լաւագոյն օրինակ է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին