«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ գործադիր տնօրէնի պաշտօնի համար յայտարարուած մրցոյթը աւարտած է Օգոստոս 31-ի կէսգիշերին: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, հիմնադրամէն կը տեղեկացնեն, որ ստացուած է 42 յայտ 7 տարբեր երկիրներէ (Հայաստան, Ռուսիա, ԱՄՆ, Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Լիբանան): Դիմումներու մեծ քանակը կը փաստէ պաշտօնի նկատմամբ յայտատուներու մեծ հետաքրքրութիւնը:
Ընտրող յանձնաժողովը ուշադրութեամբ պիտի քննէ դիմումները: Ժողովը կը կայանայ 2018-ի Սեպտեմբեր 10-ին Երեւանի մէջ: Յանձնաժողովին մէջ ընդգրկուած են Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներու, ՀՀ վարչապետի ներկայացուցիչները, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Ալպերթ Պօղոսեանը (Զուիցերիա): Յանձնաժողովը կը գլխաւորէ հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեանը (Ֆրանսա):
Դիմումները քննարկելէ ետք, յանձնաժողովը ընտրուած թեկնածուն կը ներկայացնէ Հայաստանի նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հաւանութեան, ան ալ առաջադրուած թեկնածուն կը ներկայացնէ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի հաստատման: Միայն անկէ ետք թեկնածուն կը ստանձնէ հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօն: Ան կը պարտաւորուի բարեփոխել եւ աւելի զօրացնել այս եզակի կառոյցը, որ վերջին 26 տարուան ընթացքին հսկայական ներդրում ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի ընկերա-տնտեսական զարգացման գործին մէջ:
Հիմնադրումի առաջին օրէն՝ 1992-էն սկսեալ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իրականացուցած է 1100 խոշոր ծրագիր եւ հազարաւոր այլ կարեւոր ծրագիրներ Հայաստանի ու Արցախի մէջ: Անոնց ընդհանուր արժէքը կազմած է աւելի քան 350 մլն տոլար: Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը բաղկացած է Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի քաղաքական եւ կրօնական բարձրագոյն պատասխանատուներէ, ինչպէս նաեւ հեղինակութիւն վայելող անհատներէ: