«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 2-ին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները քննարկած են հայկական երկու Հանրապետութիւններու համագործակցութեան եւ կապերու խորացման առնչուող հարցեր: